Print
Category: Հայաստան-Արցախ

Հ.Յ.Դ. Բիւրոյի Երիտասարդական գրասենեակը կը տեղեկացնէ, որ Մարտ 22-24, Երեւանի Հ.Յ.Դ. «Արամ Մանուկեան» Երիտասարդական կեդրոնէն ներս  տեղի կÿունենայ Հ.Յ. Դաշնակցութեան երիտասարդական եւ ուսանողական  միութիւններու բարձրագոյն մարմիններու ներկայացուցիչներու համահայակական խորհրդաժողով:

Ժողովը պիտի ունկնդրէ պատկան միութիւններու՝  անցնող տարեկան գործունէութեան զեկոյցները, պիտի անդրադառնայ միութիւններու ձեռքբերումներուն եւ թերացումներուն, պիտի քննարկէ Հ.Յ.Դ. Երիտասարդական Միութեան  առջեւ ծառացած մարտահրաւերները,  Հ.Յ.Դ. Երիտասարդականի դերը ՀՀ ԱԺ յառաջիկայ ընտրութիւններուն, եւ համաձայն Հ.Յ.Դ. Երիտասարդականի հայեցակարգի եւ քառամեայ ռազմավարական նպատակներու պիտի մշակէ գործունէութեան ծրագիր:
Աւանդութեան համաձայն ժողովի մասնակիցները այցելեցին Եռաբլուր, ուր ծաղկեպսակներ զետեղեցին զոհուած ազատամարտիկներու շիրիմներուն: Նախատեսուած է այցելութիւն Ազգային Ժողով:
Հայաստանը, Արցախը, Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներն ու Մերձաւոր Արեւելքը ներկայացնող մասնակիցները միասին պիտի անցնեն 3 օր: