«Թերթ».- Իրանէն Հայաստան մեկնող հանրակառքերէն մէկը վթարի ենթարկուած է Իրանի հիսիւսին՝ Մառանդ-Ջուլֆա մայրուղիի 30-րդ քմ հատուածին: Ըստ մինչ այժմ յայտնի տեղեկութիւններու զոհերու թիւը 3 հոգի է, վիրաւորներունը՝ 15:
Երեւան մեկնող «Դիդար սէյրէ գիթի» ընկերութեան պատկանող հանրակառքի ուղեւորներու մեծամասնութիւնը իրանցիներ են, անոնց մէկ մասը՝ 12 հոգի, հայեր:
Ըստ տարածուած յայտարարութեան, արկածը պատահած է հանրակառքի անիւի պայթիւնի հետեւանքով:
Ըստ Արեւելեան Ատըրպատական նահանգի ոստիկանութեան, Իրանէն Երեւան ուղղուող հանրակառքի արկածին հետեւանքով վիրաւորուած հինգ հայերու անունները հետեւեալներն են.- Յակոբ Մարտիրոսեան, Լիանա Բարսէղեան, Մառինա Պետրոսեան, Ստեփանոս Պետրոսեան, Բենիամին (Միքայէլ) Աղամալեան: Անոնց վիճակը կայուն է: