Եւրոխորհրդարանի արտաքին յարաբերութիւններու յանձնաժողովը այսօր եռօրեայ նիստ կը գումարէ, որու օրակարգին վրայ են նաեւ Հարաւային Կովկասին վերաբերող հարցեր
Հարաւային Կովկասի տարածաշրջանի վերաբերեալ եւրոպացի օրէնսդիրները պէտք է Հինգշաբթի օր կայանալիք քուէարկութեամբ հաւանութիւն տան յանձնարարական բնոյթի երկու փաստաթուղթերու, որոնք Եւրոյանձնաժողովի կողմէ պիտի կիրառուին Հայաստանի եւ Ատրպէյճանի հարցերուն կապուած համաձայնագրերու բանակցութիւններուն մէջ։ Հայաստանի մասին փաստաթուղթի նախագիծը կազմած է լեհ օրէնսդիր Տոմաշ Պյոտր Պորեմպան։ Հոն արձանագրուած է, որ հիմնուելով Արեւելեան գործընկերութեան համատեղ հռչակագրի, Հայաստանի եւ Եւրոպական Միութեան միջեւ ստորագրուած շարք մը այլ համաձայնագրերու վրայ եւս, Եւրոպական Միութիւնը Հայաստանի հետ կը քննարկէ Գործընկերութեան համաձայնագիրը։ Հինգշաբթի օրը քուէարկուելիք նախագիծին մէջ անդրադարձ կայ Մեծամորի աթոմակայանին, որը, ըստ Եւրոմիութեան, մտահոգութեան առիթ կուտայ: