ԵՐԵՒԱՆ.- Վարչապետ Տիգրան Սարգսեանի գլխաւորութեամբ Երեւանի նորաբաց «Զանգակ» գրատան մէջ տեղի ունեցած է գրականութեան բնագաւառի զարգացման վերաբերող խորհրդակցութիւն, որուն մասնակցած են նաեւ
Հայաստանի մշակոյթի նախարար Յասմիկ Պօղոսեան, ֆինանսներու նախարար Վաչէ Գաբրիէլեան, ֆինանսներու փոխնախարար Սուրէն Կարայեան, կրթութեան եւ գիտութեան փոխնախարար Մանուկ Մկրտչեան, Հայաստանի Գրողների միութեան նախագահ Լեւոն Անանեան, մեծ հրատարակչութիւններու, գրավաճառ ընկերութիւններու ղեկավարներ եւ գրականութեան մարզի այլ ներկայացուցիչներ:
Խորհրդակցութեան մասնակիցները նախ շնորհակալութիւն յայտնած են վարչապետին՝ գիրքի սակերու բարձրացման արձագանգելուն համար։
«Մեր գերագոյն նպատակն է, որպէսզի Հայաստանի Հանրապետութեան հասարակութեանը կրկին սկսի գիրք կարդալ: Եթէ այս խնդիրը կարողանանք լուծել, ապա որպէս ազգ կ՛ունենանք ապագայ: Սկսած դպրոցից, մենք պէտք է խրախուսենք ընթերցանութիւնը, որպէսզի մեր երեխաները կարդալու սէր ունենան, ընդ որում, մենք պէտք է թիրախաւորենք ազգային գրականութիւնը: Գրքի ոլորտից յառաջացած հարկային եկամուտները անհրաժեշտ է ուղղել այս նպատակի իրականացմանը», ըսած է Տիգրան Սարգսեանը: Վարչապետը նշած է, որ այդ մէկը պիտի իրականանայ պետութեան կողմէ յատկացումով՝ հայապահպանութեան եւ հայագիտութեան զարգացման ծիրին մէջ:
Շնորհաւորելով «Զանգակ» գրատան բացումը՝ Տիգրան Սարգսեանը ըսած է. «Ուրախ եմ, որ այս իրադարձութիւնը տեղի է ունենում Եղիշէ Չարենցի ծննդեան օրը: Մենք պարտաւոր ենք խրախուսել, որպէսզի հայ քաղաքացին իր կեանքը տեսնի գրքերի աշխարհում: Դա հնարաւորութիւն կը տայ նրանց լինեն մտածող եւ ճիշտ կողմնորոշուել ժամանակակից աշխարհի փոփոխութիւնների ներքոյ: Սա թոյլ չի տայ մարդուն կորցնել իր արժէքային համակարգը, իսկ այդ արժէքները մենք ստանում ենք ժառանգաբար եւ դրա փոխանցման լաւագոյն ձեւը գիրքն ու գրականութիւնն է»:
«Զանգակ» գրատունն ունի նաեւ թուայնացուած գրականութիւն, դպրոցական ելելտրոնային գրատախտակներու կիրառութիւնն ապահովելու համար անհրաժեշտ ուսումնական նիւթերու թուայնացուած տարբերակներ եւ ժամանակակից արհեստագիտութեան կիրարկումով օգտագործուող այլ հրատարակչական արտադրութիւններ: Գրատան հայեցակարգը մշակուած է իբրեւ հիմք ունենալով գրավաճառական զարգացած ցանց ունեցող եւրոպական երկրներուն մէջ գործող յառաջատար գրախանութներուն փորձառութիւնը։