ՀՅԴ «Քրիստափոր Միքայէլեան» կեդրոնին մէջ ՀՅԴ Բիւրոյի ներկայացուցիչ Հրանդ Մարգարեան, Բիւրոյի անդամ Լեւոն Մկրտչեան եւ ՀՅԴ Հայ Դատի եւ քաղաքական հարցերու գրասենեակի պատասխանատու Կիրօ Մանոյեան ընդունած են Հայաստանի մէջ
Եւրոպական Միութեան նորանշանակ դեսպան, պատուիրակութեան ղեկավար Տրայեան Լաուրենտիու Հրիսթան, առաջին խորհրդական, քաղաքական, տնտեսական, մամուլի եւ տեղեկատուութեան բաժնի ղեկավար Օննօ Սիմկնզը եւ քաղաքական հարցերով պատասխանատու Անտրէ Տիտենկոն: Քննարկուած են Մայիսին Հայաստանի մէջ կայանալիք խորհրդարանական ընտրութիւններուն վերաբերող խնդիրներ: ՀՅԴ անդամները ներկայացուցած են կուսակցութեան դիրքորոշումները եւ ընտրութիւններուն գծով իրենց գնահատականները: Անոնք ընդունած են դեսպանին առաջարկը՝ մասնակցելու Եւրոպական Միութեան անդամ երկրներու դեսպաններուն հետ հանդիպումներու շարքին: