Print
Category: Հայաստան-Արցախ

Երէկ «Յուշատետր»ի մեր սիւնակով կ'անդրադառնայինք Եղիշէ Չարենցի ծննդեան 115ամեակի յոբելենական թուականին:

Հայաստանի մէջ երէկ, բազմաթիւ դպրոցականներ, իրենց ուսուցիչներու ուղեկցութեամբ, Չարենցի տուն-թանգարանէն քայլերթով հասան բանաստեղծի յուշահամալիրին առջեւ, ուր տեղի ունեցան օրուայ պատշաճ յոբելենական տօնակատարութիւններ:
Չարենցի նուիրուած տարուան ընթացքին, ծրագրուած են տարբեր տեսակի միջոցառումներ եւ յոբելենական հանդիսութիւններ: