Ջաւախքի հեքիաթներու ժողովածուի հիմքը կը կազմեն երկու հրատարակութիւններ: Առաջինը՝ Հայոց Ազգագրական ընկերութեան Ախալքալաքի մասնաճիւղի կողմէ 1911 թուականին Ալեքսանտրապոլսոյ մէջ հրատարակուած «Պառաւաշունչ» գրքոյկն է, ուր տեղ գտած են հայ նշանաւոր ազգագրագէտ-բանահաւաք Ե. Լալայեանի ժողովրդական չորս հեքիաթներ:
Երկրորդը՝ ՀՍՍՌ Գիտութիւններու Ակադեմիոյ Հնագիտութեան եւ ազգագրութեան ինսթիթութի կողմէ հրատարակուած «Հայ ժողովրդական հեքիաթներ»ու չորրորդ հատորն է, ուրկէ վերցուած է Ջաւախքի ժողովրդական հեքիաթներու մնացած չորս գործերը:
Ջաւախքի ժողովրդական բանահիւսութեան այս եզակի գանձերը, որոնք պահպանուած եւ մեր մշակոյթի երախտաւորներուն յանձնուած են ջաւախքահայութեան կողմէ, տարբեր սովորութիւններու եւ հաւատալիքներու, կենցաղի ու նիստ ու կացի արտայայտութիւններ են: Պատմութիւններուն մէջ կը գերիշխէ արդարութիւնը, ցոյց տալով որ ժողովուրդի գիտակցութեան մէջ արմատաւորուած է արդարութեան վեհութիւնը: