Print
Category: Հայաստան-Արցախ

ԵՐԵՒԱՆ, «Այսօր».- Վերջերս կայացած ասուլիսի մը ընթացքին, ամփոփելով ՄԱԿի Բնակչութեան հիմնադրամին կողմէ կատարուած «Սեռով պայմանաւորուած յղութեան արհեստական ընդհատումներու տարածուածութիւնն ու պատճառները Հայաստանի մէջ» զեկոյցը՝

Վերարտադրողական առողջութեան, մանկաբարձութեան եւ կնոջական բժշկութեան հանրապետական ուսումնարանի տնօրէն, ՀՀ առողջապահութեան նախարարութեան գլխաւոր մանկաբարձ եւ փրոֆ. Ռազմիկ Աբրահամեան նշեց, թէ ապագայ երեխայի գծով, հասարակութիւնը նախապատուութիւնը վեց անգամով աւելի կու տայ տղայ երեխայ ունենալուն, քան՝ աղջիկ երեխայ:
Ըստ Աբրահամեանի, Հայաստանի մէջ արտադրողական տարիքի շուրջ 900 հազար կանանց 0.8 տոկոսը, վերջին հինգ տարիներուն ընթացքին կատարած է սեռով պայմանաւորուած յղիութեան արհեստական ընդհատում: «Սա նշանակում է, որ երկիրը իւրաքանչիւր տարի կորցնում է մօտ 1400 ապագայ մայր (աղջիկ երեխայ)», ըսաւ Աբրահամեան:
Անոր խօսքով, բնութիւնը, անկախ մարդու ցանկութենէն, իրավիճակը կը բերէ հաւասարակշիռ վիճակի, նկատի ունենալով նորածին տղաներուն մէջ առկայ մահացութեան դէպքերու աճը, ինչպէս նաեւ կանանց երկարակեցութիւնն ու տղամարդոց կանուխ մահացութեան ցուցանիշը:
ՄԱԿի Բնակչութեան հիմնադրամի հայաստանեան գրասենեակի գործադիր ներկայացուցիչ Գարիկ Հայրապետեանի խօսքով, սեռի ընտրութիւն կատարելու ընթացքին, կորսնցնելով ապագայ մայրերը՝ յաւելեալ ճնշում կը գործադրուի ժողովրդագրական ճիշդ զարգացման վրայ:
«Այդ ցուցանիշը հասարակութեան բացասական տրանսֆորմացիայի աղբիւր կարող է լինել: Վերջին 40 տարում, մէկ երեխայի քաղաքականութիւնը, ինչը կայ այժմ Չինաստանում, կը լինի նաեւ Հայաստանում. կ՛ունենանք մեծ թուով տղամարդիկ, ովքեր չեն կարողանայ իրենց զոյգին գտնել», յայտնեց Հայրապետեան, շեշտելով, որ ամենակարեւորը՝ կը խախտի մարդուն ապրելու իրաւունքը: