Բարձրաստիճան հանդիպումներ՝ եւրոպական Միութեան եւ ՆԱԹՕի պաշտօնատարներու հետ
Հայաստանի նախագահ Սերժ Սարգսեան այսօր Պրիւքսել կը մեկնի աշխատանքային այցելութեամբ:
Այցելութեան ծիրին մէջ նախագահը պիտի մասնակցի ՆԱԹՕ - Հայաստան նիստին եւ ելոյթ պիտի ունենայ Քոնրատ Ատենաուրի հիմնադրամին մէջ:
Նախագահ Սերժ Սարգսեան Պրիւքսէլի մէջ հանդիպումներ պիտի ունենայ ՆԱԹՕ-ի ընդհանուր քարտուղար Անտերս Ֆոկ Ռասմուսենի, Եւրոպական յանձնաժողովի նախագահ Ժոզէ Մանուէլ Պարոզոյի, Եւրոպական Միութեան խորհուրդի նախագահ Հերման Վան Ռոմփէյի, Եւրոպական խորհրդարանի նախագահ Մարթին Շուլցի, Եւրոպական Միութեան ընդլայնման եւ եւրոպական դրացնութեան քաղաքականութեան հարցերով յանձնակատար Շթեֆան Ֆիւլէի եւ Եւրոպական ժողովրդական կուսակցութեան նախագահ Ուիլֆրիտ Մարթենսի հետ:
Նախատեսուած է նաեւ հանդիպում մը Պելճիքայի խորհրդարանի ղեկավարութեան հետ: