Խորհրդարանական Ընդդիմութիւնը
Պոյքոթի Ենթարկեց Քուէարկութիւնը
Երէկ կայացած նիստին ընթացքին, խորհրդարանի անդամները մէկ վայրկեան յոտնկայս լռութեամբ յարգեցին 1 Մարտի դէպքերու զոհերուն յիշատակը:
Ապա Հայաստանի խորհրդարանը քննարկեց «Արտակարգ դրութեան իրաւական կարգագիճակի մասին» օրինագիծը:
Երկար քաշքշուքէ ետք, քուէարկութեան իբրեւ արդիւնք օրէնքը ընդունուեցաւ 67 «թեր», 1 դէմ ձայներու յարաբերակցութեամբ, իսկ ընդդիմադիր պատգամաւորները պոյքոթի ենթարկեցին չմասնակցեցան քուէարկութեան:
Քուէարկութենէն անմիջապէս ետք իշխող համաձայնական կառավարութեան բոլոր պատգամաւորները դուրս ելան սրահէն‘ յառաջացնելով Ժառանգութեան խմբակցութեան պատգամաւորներու դժգոհութիւնը: Անոնք նկատել տուին, որ ատիկա յատուկ կատարուած է, որպէսզի կարելի չըլլայ համեմատել ցուցակին մէջ արձանագրած պատգամաւորներուն եւ սրահին մէջ կատարուած քուէարկութեան արդիւնքները:
Իր կարգին, Ազգային ժողովի փոխ նախագահ Էդուարդ Շարմազանով կոչ ուղղեց ընդդիմադիր պատգամաւորներուն խօսելու ոչ թէ ենթադրութիւններով, այլ որոշակի անուններ նշելով: Անկէ ետք պատգամաւորներ անցան օրակարգի միւս հարցերուն քննարկման:
Քուէարկութենէն առաջ մթնոլորտը բաւական լարուած էր:
Ժառանգութիւն կուսակցութեան անդամ Զարուհի Փոստանջեան որոշած էր կանգնած հետեւիլ միւս պատգամաւորներու քուէարկութեան, որպէսզի մէկը միւսին փոխարէն չքուէարկէ:
Էդուարդ Շարմազանով անկէ խնդրեց նստիլ իր տեղը : Այդ գծով ՀՅԴ պատգամաւորական խմբակցութեան ղեկավար Վահան Յովհաննիսեան նշեց, որ պատգամաւորը իրաւունք ունի գտնուելու սրահին մէջ որեւէ տեղ: Նիկոյեան իր կարգին վստահեցուց, որ քուէարկութեան վահանակը երկար ժամանակ պիտի գտնուի պատգամաւորներու տեսադաշտին մէջ եւ անոնք կրնան համեմատել արդիւնքները: Վահան Յովհաննիսեան ըսաւ, որ սրահի պատկերը աւելի հետաքրքրական է, քան ցուցակը:
«Արտակարգ դրութեան իրաւական կարգավիճակի մասին օրինագիծը» առաջին ընթերցումով ընդունուած էր 9 Փետրուարին, սակայն անկէ ետք վարչապետ Տիգրան Սարգսեանի առաջարկով ուղարկուած էր լրացուցիչ մշակման ենթարկելու, որմէ ետք ատիկա դրուեցաւ Ազգային Ժողովի քննարկման‘ արագացուած կարգով:
Ընդդիմութիւնը այս օրինագիծը հակասահմանադրական կը նկատէ: