Print
Category: Հայաստան-Արցախ

Մարդկային զարգացման միջազգային կեդրոնին կողմէ Երեւանի մէջ կազմակերպուած է Եւրոպայի համարկման նիւթով գիտաժողով մը: Ըստ զեկուցումներէն մէկուն մէջ նշուած թիւերուն՝ Եւրոպա գտնուող հայաստանցի գաղթականներուն թիւը կը կազմէ 150 հազար հոգի:

Անցեալ տարի անոնցմէ 1138ին կեցութեան իրաւունք տրուած է Ֆրանսայի կողմէ, 106ին՝ Հոլանտայի, 227ին՝ Շուէտի կողմէ: 2010ին, Հայաստանի 611 քաղաքացի ապաստանի դիմում կատարած է Հոլանտայի, իսկ Աւստրիոյ՝ նման դիմում կատարողներու թիւը եղած է 275, Պելճիքայի՝ 986:
Հայաստանէն արտագաղթողներուն մեծամասնութիւնը՝ շուրջ 65% կը բռնէ Ռուսաստանի ուղղութիւնը, մինչ դէպի Եւրոպա գաղթողներու տոկոսը կը կազմէ միայն 10%: Ռուսաստան գաղթողներուն 70%ը կ’աշխատի շինարարութեան մէջ, 10%ը՝ առեւտուրի ասպարէզին մէջ: Ռուսաստան արտագաղթածներու 60էն 80 հազարը կ’աշխատի եղանակային առժամեայ գործերու մէջ: