Print
Category: Հայաստան-Արցախ

Եւրոպական Միութիւնը  կոչ կÿուղղէ  Հայաստանին  ու Ատրպէյճանին բազմապատկել ջանքերը  ղարաբաղեան խնդրի կարգաւորման շուրջ եւ գտնել լուծումը՝ մինչեւ տարեվերջ: Այս յայտարարութիւնը երէկ երեկոյեան կատարեց  Եւրոմիութեան  արտաքին քաղաքականութեան պատասխանատու Քաթրին Աշթոն:


«Հիմնարար սկզբունքներու  շուրջ համաձայնութեան գալու ջանքերը պէտք է շարունակուին, եւ ես ողջունելի կը գտնեմ այն փաստը, որ երկու կողմերն ալ  հաւատարիմ կը մնան  բանակցութիւններու ճամբուն եւ  խնդրի խաղաղ կարգաւորման: Սակայն, մենք պէտք է  աւելին տեսնենք յառաջիկայ ամիսներուն  ընթացքին: Կողմերը պէտք է բազմապատկեն իրենց ջանքերը,  գտնելու համար լուծումը՝  մինչեւ այս տարուայ վերջաւորութեան», - յայտարարեց Աշթոնը՝ ընդգծելով, որ անկէ ետք՝  2012-ին, ընտրութիւններ  նախատեսուած են Հայաստանի, 2013-ին՝ Ատրպէյճանի մէջ: Ներկայացնելով կարգաւորման շուրջ վերջին զարգացումները՝ Աշթոն  եւրոպացի պատգա- մաւորներուն  տեղեկացուց, որ Ռուսաստանի առաջնորդ Տմիթրի Մետվետեւը լաւատես մօտեցումով ձեռնարկած էր Քազանի մէջ եռակողմ հանդիպման:  «Ցաւով, պէտք է նշել սակայն,  թէ հակառակ  ամենաբարձր մակարդակներէ ուղարկուած խիստ ուղերձներուն,  սպասուած առաջընթացը չարձանագրուեցաւ», - ըսաւ Եւրոմիութեան արտաքին գործոց նախարարը՝ ընդգծելով. - «Ինչ ալ որոշուի այդ բանակցութիւններու ընթացքին, Եւրոմիութեան հետ ալ առընչուած է։ Եւ մենք կÿուզենք առաջընթաց տեսնել Արեւելեան հարեւանութեան գագաթնաժողովէն առաջ, որ նախատեսուած է Սեպտեմբերին՝ Վարշավայի մէջ»: