Կարմիր խաչի միջազգային կոմիտէի ներկայացուցիչները այս ամսուայ կիսուն այցելած են հայ երեք ռազմագերիներուն եւ քաղաքացիական անձերուն: Այս մասին յայտարարած է Ատրպէյճանի մէջ Կարմիր խաչի միջազգային կոմիտէի պատուիրակութեան ներկայացուցիչ Լահա Հուսէյնովան: Անոնք նամակներ փոխանակած են Ատրպէյճանի մէջ բանտարկուած հայերուն հետ:
Ներկայիս Ատրպէյճանի մէջ կան երեք հայ ռազմագերիներ եւ հինգ քաղաքացիներ, որոնք մէկ ընտանիքի անդամ են, եւ որոնք Ատրպէյճանի սահմանը հատած են 2010 Յունուարին: Երկու գերիները՝ Օհան Յարութիւնեան եւ Գէորգ Թովմասեան, 2009 Մայիսին անցած են Ատրպէյճանի կողմը, երրորդը՝ Կարէն Յարութիւնեան, հատած է սահմանը 2009 Յուլիսին: Երեք զինուորներն ալ կը փափաքին, որ զիրենք ուղարկեն երրորդ երկիր:
Նշենք, որ հայկական կողմը ունի ատրպէյճանցի մէկ ռազմագերի: