Print
Category: Հայաստան-Արցախ

Խորհրդարանական քննարկումներուն զուգահեռ, խորհրդարանին առջեւ տեղի ունեցաւ նաեւ նոյն պահանջով ընդդիմութեան կազմակերպած հանրահաւաքը, որուն Ժառանգութենէն եւ Հ.Յ.Դաշնակցութենէն բացի մասնակցեցաւ նաեւ Հայ ազգային քոնկրեսը:


Մինչեւ խորհրդարանին մէջ քննարկումին սկսիլը, ՀՅԴ խմբակցութեան պատգամաւորները միացան ցուցարարներուն եւ խոստացան քննարկման աւարտէն ետք տեղեկացնել արդիւնքներուն մասին:


Հայաստանի Ազգային ժողովին մէջ երէկ տեղի ունեցաւ խորհրդարանական ընդդիմութեան՝ ՀՅԴ-ի եւ Ժառանգութիւն կուսակցութեան 100 առ հարիւր համամասնական ընտրակարգի անցնելու առաջարկին քննարկումը, հակառակ անոր որ Հանրապետական կուսակցութեան ներկայացուցիչ Ռաֆիք Պետրոսեան յայտնած է, որ այդ քննարկումները անիմաստ են, որովհետեւ երբ Հանրապետականը հարցի մը դէմ է, միեւնոյնն է, ոչինչ կը փոխուի:
Խորհրդարանական ընդդիմութիւնը քննարկումներուն ընթացքին պնդեց, որ ընտրակարգ փոխելով իշխանութիւնը քանի մը հարց կը լուծէ. կը նուազեցնէ իշխանութիւններուն վերարտադրութեան կարելիութիւնները, ընտրակեղծիքներուն թիւը, կարելիութիւն կ՛ունենայ գործնականին մէջ ապացուցելու բարձրաստիճան տար- բեր պաշտօնեաներու պնդումները, թէ ինք ազատ ընտրութիւններ կատարելու քաղաքական կամք ունի: Իշխանական որոշ պատգամաւորներ հակադարձեցին, որ արդար ընտրութիւններ կատարելու կամքը կայ, սակայն ատիկա ընտրակարգ փոխելով չէ, որ պէտք է արտայայտուի, եւ ընտրութիւններէն քիչ ժամանակ առաջ Ընտրական օրէնսգիրք փոխելը ճիշդ չէ:
Ժառանգութիւն խմբակցութեան ղեկավար Ստեփան Սաֆարեան Դաւիթ Յարութիւնեանէն հետաքրքրուեցաւ, որ արդեօք ծանօ՞թ է մեծամասնական 41 պատգամաւորներուն պատկանած քաղաքական հոսանքին: Յարութիւնեան նշեց, որ մեծ մասինը գիտէ:
Յարակից զեկուցող արդարադատութեան նախարար Հրայր Թովմասեան նշեց, որ հարցը քաղաքական է‘ իրաւական հիմնաւորումով: Ան նշեց, որ անհիմն կը նկատէ այն պնդումը, որ ամէնէն շատ կեղծիքները կ՛ըլլան մեծամասնական ընտրակարգի պարագային, եւ յայտնեց, որ 100 առ հարիւր համամասնական ընտրակարգը չի նպաստեր խորհրդարանական մեծամասնութեան ձեւաւորման եւ չի լուծեր ներկայացուածութեան հարցը:
Ազգային ժողովի ՀՅԴ խմբակցութեան ղեկավար Վահան Յովհաննիսեան իր ելոյթին մէջ նշեց, որ ներկայ ընտրակարգի պայմաններուն մէջ ոչ թէ խորհրդարանը կը ձեւաւորէ գործադիր իշխանութիւնը, այլ գործադիր իշխանութիւնը մեծամասնական ընտրակարգի միջոցով խորհրդարանը կը ձեւաւորէ:
Իր կարգին, ՀՅԴ խմբակցութեան պատգամաւոր Արծուիկ Մինասեան նշեց, որ Հանրապետական կուսակցութիւնը կը պնդէ պետութիւնը ամրապնդելու իր մօտեցումները: Ըստ պատգամաւորին, Հանրապետական կուսակցութիւնը ինք պէտք է կանգնէր Դաշնակցութեան եւ Ժառանգութեան կողքին եւ ջատագովը պէտք է ըլլար, որ մեծամասնական ընտրակարգը օր առաջ վերցուի:
Արծուիկ Մինասեան ողջունեց Բարգաւաճ Հայաստան կուսակցութեան այն ներկայացուցիչները, որոնք յայտարարեցին, թէ կողմ պիտի քուէարկեն համամասնական ընտրակարգին:
Դաշնակցական գործիչը կոչ ուղղեց անկախ պատգամաւորներուն միանալու այս նախաձեռնութեան եւ դիմեց Հանրապետական կուսակցութեան անդամ պատգամաւորներուն իրենց մէջ կամք եւ ուժ գտնելու ու կողմ քուէարկելու այս նախաձեռնութեան: Ան նոյնպէս դիմեց Օրինաց երկիր կուսակցութեան, որպէսզի նոյնպէս իր ծրագրային դրոյթներուն հաւատարիմ ըլլայ: Ան նաեւ կոչ ուղղեց մեծամասնական ընտրակարգով ընտրուած այն պատգամաւորներուն, որոնք դէմ են 100 առ հարիւր համամասնական ընտրակարգին, ընդհանրապէս դէմ քուէարկելու անոնց ընտրուելու կարելիութեան:
ՀՅԴ Հայաստանի Գերագոյն մարմինի ներկայացուցիչ Ազգային ժողովի ՀՅԴ խմբակցութեան պատգամաւոր Արմէն Ռուստամեան եւս մասնակցեցաւ քննարկումներուն եւ նշեց, որ բոլոր          ընտրակարգերն ալ լաւ են այլ երկիրներուն համար, ուր կայ ժողովրդավարութիւն, բայց ոչ Հայաստանի:
Ան ընդգծեց, որ Հայաստանի մէջ ժողովրդավարական ընտրութիւններ տեղի չեն ունենար՝ աւելցնելով, որ այս բոլոր վէճերուն հիմքը այն է, որ մեծամասնութիւնը կը ցանկայ պահել այն իրողութիւնը, որ խորհրդարանական ընտրութիւններուն իբրեւ արդիւնք ընդդիմութիւնը դուրս կը մղուի խորհրդարանէն, իսկ իշխանութիւնը կը վերարտադրուի: Դաշնակցական գործիչը իշխանութիւններուն յորդորեց օրինակ չբերել այլ երկիրներու փորձառութիւնը:
Ռուստամեան յայտարարեց, որ անկարելի է ժողովրդավարութիւն ըլլայ երկրի մը մէջ, ուր իշխանութիւնը, պետութիւնը եւ կուսակցութիւնը նոյնացած են:
Ազգային ժողովի Բարգաւաճ Հայաստան կուսակցութեան խմբակցութեան փոխնախագահ Սամուէլ Բալասանեան, որ նոյնպէս մեծամասնական ընտրակարգով ընտրուած է, ընտրակարգը փոխելու հարցին գծով մտահոգութիւն յայտնեց: Ան յայտնեց, որ պատգամաւորը պէտք է նաեւ մարզերէն ըլլայ, իսկ 100 առ հարիւր համամասնական ընտրակարգի պարագային երեւանեան ցուցակ պիտի ըլլայ:
Բարգաւաճ Հայաստան կուսակցութեան ներկայացուցիչ Նայիրա Զոհրապեան յայտնեց, որ խմբակցութեան մէջ կան դէմ եւ թեր կարծիքներ, ուստի կուսակցութեան ղեկավար Գագիկ Ծառուկեան առաջարկեց այս հարցին գծով ազատ քուէարկութիւն կատարել: Սակայն Զոհրապեան նաեւ առաջարկեց, որ եթէ ընտրակարգ պիտի չփոխեն, գոնէ զիջում կատարեն եւ մեծամասնականի աթոռները նուազեցնեն: