Print
Category: Հայաստան-Արցախ

Պաքուէն 20 քիլոմեթր հեռաւորութեան վրայ գտնուող Սումկայթ քաղաքին մէջ 27 Փետրուար 1988ին ատրպէյճանցիները սկսան հայերուն սպանդը, որ կ'ուղեկցուէր հայերուն ունեցուածքին թալանով եւ ոչնչացումով:


ԽՍՀՄ ղեկավարութեան լռութեան տակ վ՝ երեք օրուան ընթացքին սպաննուեցաւ 53 մարդ, իսկ վիրաւիորներուն թիւը տասնեակներ կը հաշուէր: Ի դէպ սպաննուածներուն մէկ մասը տանջամահ եղած էր, իսկ դիակները այրած էին:
Փետրուար 29ին Սումկայթ մտաւ խորհրդային բանակը, որ, սակայն, գրեթէ ոչինչ ըրաւ պաշտպանելու հայ բնակչութիւնը: Սումկայթի հայութեան կոտորածը ցեղական առաջին բռնութիւնն էր ԽՍՀԱ-ի նոր պատմութեան մէջ եւ մեծ դեր ունեցաւ ինչպէս ընդհանուր ԽՍՀՄ փլուզման մէջ, այդպէս ալ Ղարաբաղեան պատերազմի բռնկման հարցով:
Սումկայթի կոտորածի փաստին քօղարկման եւ միջազգային հանրութեան ապատեղեկացման իբրեւ արդիւնք՝ Ատրպէյճանի իշխանութիւններուն կողմէ շարունակուեցաւ ուժեղ հակահայկական քարոզչութիւնը, որ յանգեցուց 1990 Յունուարի Պաքուի կոտորածներուն, որոնց զոհ գացին հարիւրաւոր խաղաղ հայ բնակիչներ:
1988-1990 ատրպէյճանական իշխանութիւններուն կողմէ իրականացուող հայերու զանգուածային ջարդերուն իբրեւ արդիւնք՝ վտարանդի դարձաւ Ատրպէյճանի գրեթէ ողջ հայկական համայնքը՝ առնուազն կէս միլիոն մարդ:
Կոտորածները պատասխան  էին Լեռնային Ղարաբաղի հայ բնակչութեան խաղաղ ցոյցերուն, որոնց պահանջն էր իրականացնել ինքնորոշման իրենց սահմանադրական իրաւունքը:
7 Յուլիս 1988ին Եւրոպական Խորհրդարանին կողմէ ընդունուած է Սումկայթի կոտորածը դատապարտող բանաձեւ, որուն մէջ, մասնաւորապէս, կþըսուի.
«Նկատի ունենալով Լեռնային Ղարաբաղի Ինքնավար Մարզի՝ Հայաստանի մաս հանդիսանալու պատմական իրողութիւնը (մարզի բնակչութեան 80%ը կը կազմեն հայերը), ինչպէս նաեւ 1923ին այս մարզ՝ կամայական որոշումով Ատրպէյճանին միացնելու հանգամանքը, ինչպէս նաեւ 1988 Փետրուարին ատրպէյճանական Սումկայթ քաղաքին մէջ հայերուն կոտորածը, եւ նկատի ունենալով, որ Ատրպէյճանի մէջ վատթարացող քաղաքական իրավիճակին պատճառով տեղի ունեցան հայերու զանգուածային սպանութիւններ Սումկայթի մէջ եւ բռնութիւններ Պաքուի մէջ, որուն հետեւանքով հայերուն համար վտանգաւոր է ապրիլ Ատրպէյճանի մէջ, եւ կը դատապարտենք Ատրպէյճանի մէջ հայ ցուցարարներուն հանդէպ բռնութիւններն ու ճնշումները»:
Ատրպէյճանի իշխանութիւնները երբեք չեն դատապարտած Սումկայթի ջարդերը:
Զոհերուն յիշատակին հոգեհանգստեան պաշտօններ կատարուեցան տարբեր գաղութներու մէջ, իսկ Ուաշինկթընի մէջ բողոքի ցոյց՝ Ատրպէյճանի դեսպանատան առջեւ:

tert.am