Print
Category: Հայաստան-Արցախ

arflogoԸստ ՀՅԴ Գերագոյն Մարմնոյ փոխանցած տեղեկութեան՝ Փետրուար 28-ին ժամը 14.00-16.30 Հայաստանի Ազգային ժողովի մուտքին յարակից Բաղրամեան պողոտայի՝‘ Դեմիրճեան փողոցի ոչ երթեւեկելի հատուածին վրայ հաւաք պիտի կազմակերպուի ՀՅԴի կողմէ: Դիմումը արդէն ընդունուած է Երեւանի քաղաքապետարանին կողմէ:


Նոյն օրը կը սկսի ԱԺ հերթական քառօրեան, որու ընթացքին Դաշնակցութիւնը կը  պատրաստուի արտահերթ կարգով մտցնել 100 տոկոսանոց համամասնական ընտրակարգին անցնելու մասին օրէնքի նախագիծը:
ԱԺ-ին անմիջապէս յարող տարածքին մէջ  նախատեսուած հանրահաւաքը՝ նոյն այդ պահանջը պիտի ներկայացնէ :