Print
Category: Հայաստան-Արցախ

ՍՏԵՓԱՆԱԿԵՐՏ.- Օրին անդրադարձած էինք Փետրուար 18ին, Ստեփանակերտի մէջ գումարուած «Լեռնային Ղարաբաղի Հանրապետութեան անկախութեան 20ամեակը. իրողութիւններ եւ հեռանկարներ» նիւթով երկօրեայ միջազգային գիտաժողովին, ուր մասնակցութիւն բերած էր նաեւ յոյն փորձագէտ Նիքոս Լիղերոս

«Երկիր»ի թղթակիցը տեղեկացուց, որ Համպուրկի համալսարանի դասախօս Օթթօ Լիխթերհանտթ, անդրադառնալով Արցախի անկախութեան հռչակագիրին՝ նշած է, որ ատիկա չի հակասեր միջազգային իրաւունքի դրոյթներուն: Զուգահեռներ գծելով Քոսովոյի անկախութեան ճանաչման հոլովոյթին եւ Արցախի միջեւ՝ ան ըսած է, թէ ազգերու ինքնորոշման իրաւունքը երբեմն գերակայ է տարածքային ամբողջականութեան սկզբունքին դիմաց:
Անկախութեան ճանաչման անդրադարձած է նաեւ գիտաժողովի մասնակից, «Ռեկնում» լրատու գործակալութեան գլխաւոր խմբագիր Մոտեսթ Քոլերով: Ան յայտարարած է, թէ անիմաստ է աշխարհէն պահանջել անկախութեան ճանաչում, քանի տակաւին Հայաստանը չէ ճանչցած Լեռնային Ղարաբաղի անկախութիւնը:
Ռուսիոյ Նորագոյն պետութիւններու միջազգային հիմնարկի տնօրէն Ալեքսէյ Մարթինով նոյնպէս խօսած է Հայաստանի կողմէ Արցախի ճանաչման ան-հրաժեշտութեան մասին: Ըստ քաղաքագէտին՝ Արցախի հարցը այսօր Երեւանի վրայ ճնշելու գործօն դարձած է Ատրպէյճանի, ինչպէս նաեւ այլ պետութեանց կողմէ, եւ անկէ խուսափելու համար, Հայաստան պէ՛տք է ճանչնայ Արցախի անկախութիւնը, ինչպէս նաեւ՝ Քոսովոյի, Հարաւային Սուտանի եւ այլոց: