Print
Category: Հայաստան-Արցախ

«Անակնկալ էր, որ բոլոր ներկաները կողմ քուէարկեցին ցեղասպանութեան վերաբերեալ բանաձեւին» կ՛ըսէ Մկրտիչ Մինասեանը

Յունիս 21-24 Փարիզի մէջ տեղի ունեցաւ Ուղղափառութեան միջխորհրդարանական վեհաժողովի 18-րդ տարեկան նիստը, ուր միաձայն ընդունուեցաւ Օսմանեան կայսրութեան մէջ քրիստոնեայ ժողովուրդներու՝ հայերու, յոյներու եւ ասորիներու նկատմամբ իրականացած ցեղասպանութեան վերաբերեալ բանաձեւը:

Փաստաթուղթի հեղինակը Հայաստանի խորհրդարանական պատուիրակութիւնն էր:
Ինչպէս «Ազատութիւն» ռատիոկայանի հետ զրոյցին յայտնեց պատուիրակութեան ղեկավար, Ազգային ժողովի հանրապետական պատգամաւոր Մկրտիչ Մինասեանը, այս բանաձեւի նիւթերը դեռ երկու ամիս առաջ ներկայացուած էին վեհաժողովին:
«Ըստ կանոնակարգի՝ գլխաւոր քարտուղարութիւնը, որը գտնւում է Աթէնքում, պիտի բոլոր 28 անդամ երկիրների Ազգային ժողովներին տեղեկացնէր այն նիւթերի մասին, որ մենք ներկայացրել էինք, որովհետեւ ոչ միայն նախագիծն էինք  մենք ներկայացրել, այլեւ, փաստօրէն, վերցրել էինք բանաձեւեր, վերցրել էինք աշխարհում տեղի ունեցող պրոցեսների նկարագրութիւնները՝ թէ քանի երկիր, քանի հասարակական կազմակերպութիւն, քաղաքական, միջազգային կառոյցներ ճանաչել են, եւ այլն: Այս բոլորը մենք ուղարկել էինք որպէս այդ փաստաթղթի հիմնաւորում», - ըսաւ Մկրտիչ Մինասեանը:
Ընդգծելով, որ ցեղասպանութիւնը մարդկութեան դէմ ուղղուծ հրեշաւոր յանցագործութիւն է եւ արժանի է դատապարտման՝ անկախ  վաղեմութեան ժամկէտէն եւ պետական, քաղաքական շահերէն, բանաձեւը կոչ կÿուղղէ Թուրքիոյ՝ ժողովրդավարութեան եւ թափանցիկութեան հասնելու ուղղութեամբ արդէն ձեռնարկուող ջանքերու համատեքստին մէջ ընդունիլ պատմական փաստերը եւ մանրակրկիտ ու քննադատօրէն ուսումնասիրել պատմական անցեալի այդ իրադարձութիւնները:
Մինասեանի խօսքով՝ իսկապէս անակնկալ էր, որ ներկայ բոլոր 22 պատուրակները կողմ քուէարկեցին, յատկապէս այն երկիրները, որոնք չեն ճանչցած ցեղասպանութիւնը:
«Շատ երկիրներ կան, որոնք չէին ճանաչել, ասենք՝ Ալպանիան. Ալպանիան, բնականաբար, ինձ զարմացրեց: Զարմացրեց Ռումանիան, զարմացրեց Մոլտովան, զարմացրեց Ղազախստանը, Լիբանանը՝ երկիրներ, որոնք, կարծես թէ, այստեղ մտածելու բան կար: Որովհետեւ  մենք նախորդ օրը Ղազախստանի պատւիրակների հետ զրուցում էինք՝ թւում էր, թէ նրանք պիտի ձեռնպահ քուէարկէին, բայց, փաստօրէն, վերջին պահին որոշեցին կողմ քուէարկել», - ըսաւ հանրապետական պատգամաւորը:
1992 թուականին ստեղծուած այս վեհաժողովի կազմին մէջ 28 պետութիւններ են, որոնք ունին ուղղափառ խորհրդարանականներ: Ատրպէյճանը եւ Թուրքիան վեհաժողովի անդամ չեն:
Մկրտիչ Մինասեանը համաձայն է այն դիտարկման, որ բանաձեւի ընդունման էապէս նպաստած է վեհաժողովի քրիստոնէեական ուղղուածութիւնը:
«Ես արդէն ութերորդ տարին է՝ այս վեհաժողովում հայկական պատուիրակութեան կազմում եմ եւ ղեկավարել եմ այդ ընթացքում, պիտի ասեմ, որ ինքը՝ այս ուղղափառների վեհաժողովը, հիմնականում զբաղուած է հանդուրժողականութեան գովաբանմամբ եւ ընկալումները ներկայացնելով, քաղաքակրթութիւնների երկխօսութեան առաջարկներով եւ ծրագրերով», - նշեց պատգամաւորը:

Լիբանանի ներկայացուցիչի արձագանգումը

Նոյն ժողովին մասնակցութիւն բերած էր Լիբանանի խորհրդարանի ներկայացուցիչ Մուխայպեր, որ «Ազդակ»ին խօսելով նշած էր, որ այս տարի հայութեան վերաբերող  բանաձեւը աւելի քաղաքական բնոյթ ունէր, որովհետեւ անիկա Թուրքիայէն կը պահանջէր ճանչնալ ու ընդունիլ Հայոց ցեղասպանութիւնը եւ համապատասխան հատուցումներ կատարել հայութեան:
«Մինչդեռ անցեալ տարուան խորհրդաժողովին բանաձեւը ընդգծած էր, որ հայկական մշակութային եւ կրօնական կոթողները պէտք է պահպանել որեւէ աւերէ կամ քանդումէ, ըլլան անոնք Արեւմտահայաստանի, թէ Ատրպէյճանի մէջ, ինչպէս նաեւ անդրադարձած էր Լեռնային Ղարաբաղի տագնապին եւ խստիւ մերժած՝ Ատրպէյճանի կողմէ Արցախին դէմ պատերազմ յայտարարելու սպառնալիքները  եւ շեշտած, որ այդ տագնապը պէտք է խաղաղ միջոցներով լուծել եւ հայ ժողովուրդին ազգային ինքնորոշման իրաւունքը յարգել», ըսած է ան:
Նշենք, որ Ուղղափառութեան միջխորհրդարանական վեհաժողովը որդեգրեց նաեւ այլ բանաձեւեր, որոնք կը վերաբերին արաբեւիսրայէլեան տագնապին, ինչպէս նաեւ Կիպրոսի հարցին: