Ազգային ժողովի ՀՅԴ խմբակցութեան ղեկավար Վահան Յովհաննիսեանը նախորդ օրերուն տեղի ունեցած խորհրդարանական լսումներու աւարտին կարեւոր բացայայտումներ կատարեց։ Անոնք քաղաքական գործիչին թոյլ տուած էին եզրակացնելու.- «Իշխանութիւնը խոստովանեցաւ՝ մեծամասնական ընտրական համակարգը իրենց ձեռնտու է՝ իշխանութիւնը պահելու համար»
Հայաստանի Ազգային ժողովի ՀՅԴ խմբակցութեան ղեկավար Վահան Յովհաննիսեան 100% համամասնական ընտրակարգին անցնելու վերաբերեալ Ազգային ժողովի լսումներուն ընթացքին իր խօսքին մէջ անդրադարձաւ նախագիծին դէմ իշխանական մամուլին մէջ լոյս տեսնող որոշ հրապարակումներուն:
Մասնաւորելով այն դիտարկումը, որ ընդդիմութիւնը ընտրութիւններէն առաջ այլ նիւթ չէ գտած, ինչո՞ւ չի խօսիր ժողովուրդի վատ վիճակին, գնաճի մասին հրապարակումներուն մասին, Վահան Յովհաննիսեան նշեց, որ ատիկա նենգութիւն է: Ըստ անոր, այսքան տարի կը խօսուի այլանդակ տնտեսական քաղաքական վիճակին մասին, իշխանութիւնը ատիկա չի նկատեր եւ հիմա յանկարծ մտածեցին, թէ ասիկա ի՞նչ է եւ ուրիշ նիւթ քննարկելու սկսան:
Ինչ կը վերաբերի դիտարկումներուն, թէ մինչեւ ընտրութիւնները շատ քիչ ժամանակ մնացած է եւ խաղի կանոնները պէտք չէ փոխել, դաշնակցական գործիչը յայտնեց, որ մէկ տարի առաջ, երբ կը քննարկուէր այդ հարցը, այդ ժամանակ այդ առաջարկը մերժուեցաւ, մինչդեռ ժամանակ կար, հետեւաբար մերժման պատճառը ուրիշ է:
Անդրադառնալով «ընտրողի եւ պատգամաւորի միջեւ կապը պիտի կտրուի» փաստարկին‘ Վ. Յովհաննիսեան նշեց, որ պատրաստած է ցանկ մը, թէ մեծամասնականով ընտրուած պատգամաւորներէն ո՛վ ուր կ՛ապրուի, սակայն անուններ պիտի չտայ, որ ներկաները շատ չ՛ամչնան: Ան նշեց, որ քանի մը պատգամաւորներ, որոնք ընտրուած են իրենց մարզերէն եւ ընտրատարածքներէն, այնտեղ չեն բնակիր: Վ. Յովհաննիսեան աւելցուց, որ ինք կը հասկնայ, թէ մեծամասնականով ընտրուած մարդը միշտ այնքան դրամ ունի, որ Երեւանի մէջ մէկ կամ երկու բնակարան կամ առանձնատուն ունենայ, բայց կան մարդիկ, որոնք ընդհանրապէս իրենց ընտրատարածքներուն մէջ չեն երեւցած:
Ան նաեւ նշեց, որ այն երկիրներուն մէջ, որոնք ամէնէն առաջինը անցած են խորհրդարանական համակարգին, մեծամասնական ընտրակարգ կար, բայց հետագային բոլոր եւրոպական երկիրները անցած են համամասնական ընտրակարգին:
«ՄԵԾԱՄԱՍՆԱԿԱՆ ԸՆՏՐԱԿԱՐԳԸ ԳՈՐԾԻՔ Է ԻՇԽԱՆՈՒԹԵԱՆ ՀԱՄԱՐ»
Կ՛ԸՍԷ ԱՐՄԷՆ ՌՈՒՍՏԱՄԵԱՆ
100 առ հարիւր համամասնական ընտրակարգի անցնելու վերաբերեալ խորհրդարանական լսումներուն ժամանակ ՀՅԴ Հայաստանի Գերագոյն մարմինի ներկայացուցիչ, ՀՅԴ խմբակցութեան անդամ Արմէն Ռուստամեան անհիմն նկատեց այն պնդումները, որ արդէն ուշ է ընտրական օրէնսգիրքը քննարկելը եւ անոր մէջ որեւէ փոփոխութիւն կատարելը:
Ան նշեց, որ ընդամէնը վերջին քառօրեային ընթացքին համաձայնական կառավարութիւնը փորձեց ընդունիլ օրինագիծ մը, որ անմիջականօրէն կ՛առնչուէր ընտրական հոլովոյթին եւ կապուած էր յանձնախումբերու ձեւաւորման հետ:
Դաշնակցական պատգամաւորը յայտարարեց, որ մեծամասնական ընտրակարգը դարձած է լուրջ գործիք ընդդիմութիւնը դուրս մղելու եւ իշխանութեան վերարտադրութեան համար: Ըստ անոր, ասիկա ապացուցելու կարիք չկայ: Ան շեշտեց նաեւ, որ առանց համամասնական ընտրակարգին անկարելի է ժողովրդավարական ընտրութիւններ կատարել: