Print
Category: Հայաստան-Արցախ

ԵԱՀԿ Մինսկի խմբակի համանախագահները հաղորդագրութիւն մը հրապարակելով՝ յայտնեցին, որ հակառակ այն իրողութեան, որ Քազանի մէջ վերջնական համաձայնութիւն ձեռք չէ ձգուած ղարաբաղեան հակամարտութեան կարգաւորման հիմնարար սկզբունքներու առնչութեամբ, բայց եւ այնպէս, յառաջընթաց արձանագրուած է։


Յայտարարութեան մէջ կը նշուի, որ գոյութիւն ունեցող տարակարծութիւնները պէտք չէ խանգարեն կողմերուն հիմնարար սկզբունքներու որդեգրման ճանապարհը եւ խաղաղ համաձայնագիրի մշակումը։
«Ինչպէս նախագահներ Մետվետեւ, Սարքոզի եւ Օպամա Մայիս 26ին Տովիլի մէջ կատարուած համատեղ յայտարարութեան մէջ նշած էին, ձգձգումը կասկածի տակ պիտի դնէ համաձայնութեան հասնելու կողմերուն նուիրուածութիւնը» գրուած է:
Յայտարարութեան մէջ կը նշուի նաեւ, որ համանախագահները կը ծրագրեն խորհրդակցութիւններ կատարել Մոսկուայի մէջ եւ կը պատրաստուին յառաջիկային տարածաշրջան այցելելու։

Ալիեւ՝ իր յոյսը կապած է Օպամային

Ատրպէյճանական «Էյ.Փի.Էյ.» լրատու գործակալութիւնը կը հաղորդէ, որ Ատըրպէյճանի նախագահ Իլհամ Ալիեւ նամակ մը յղած է Պարաք Օպամային եւ շնորհաւորած է Միացեալ Նահանգներու անկախութեան տօնը։
Ալիեւ իր նամակին մէջ նաեւ խօսած է երկկողմանի յարաբերութիւններուն, ինչպէս նաեւ ղարաբաղեան հակամարտութեան կարգաւորման գործընթացին մասին։
«Մեր տարածաշրջանին մէջ խաղաղութեան եւ կայունութեան հաստատման նկատմամբ Միացեալ Նահանգներու շահագրգռուածութիւնը մեզի համար շատ կարեւոր է։ Պարոն նախագա՛հ, մենք մեծ յոյսեր կը կապենք այն բանին հետ, որ մեր երկրի տարածքային ամբողջականութեան խախտման, մեր հողերու բռնագրաւման ու մեր հայրենակիցներու՝ իրենց հայրենի օճախներէն վտարման պատճառ դարձած ղարաբաղեան հակամարտութեան գծով՝ իբրեւ ԵԱՀԿ Մինսկի խմբակի համանախագահող երկիր ձեր պետութեան եւ անձամբ ձեր ջանքերը շուտով արդիւնք կու տան», կը գրէ Ալիեւ՝ Օպամային յղած իր նամակին մէջ։