Print
Category: Հայաստան-Արցախ

ԳԵՐՄԱՆԻԱ, «Նիուզ».- Չայքովսկիի անուան միջազգային երաժշտական մրցոյթին, «թաւջութակ» անուանակարգին մէջ յաղթած է Հայաստանը ներկայացնող անուանի երաժիշտ Նարեկ Հախնազարեանը:

Այդ անուանակարգին եզրափակիչ հասած էին հինգ երկիրներու՝ Իտալիոյ, Գերմանիոյ, Պելոռուսի, Ֆրանսայի ու Հայաստանի ներկայացուցիչները: Երկրորդ ու երրորդ տեղերը գրաւած են համապատասխանաբար՝ Ֆրանսայի ու Պելառուսի ներկայացուցիչները, իսկ առաջին տեղը գրաւած մեր հայրենակիցը, իբրեւ մրցանակ պիտի ստանայ 20 հազար եւրօ գումար մը:
Յատկանշական է, որ «դաշնամուր» անուանակարգի առաջին դիրքը գրաւած է Ռուսիան ներկայացնող Տանիլ Տրիֆոնովը, որ Քլիւլենտի երաժշտական ակադեմիոյ մէջ դասաւանդող յայտնի հայ երաժիշտ Սերգէյ Պապայեանի աշակերտն է: