Print
Category: Հայաստան-Արցախ

Հայաստանի Ազգային ժողովի ՀՅԴ խմբակցութեան ղեկավար Վահան Յովհաննիսեան, երէկ յայտարարութիւններու ժամուն անդրադառնալով Հայաստանի արտաքին քաղաքականութեան, խորհուրդ տուաւ յաջողութիւնները չանձնաւորել, ինչպէս կը կատարէին  Լենինի ժամանակ:


Ան նշեց, որ Ֆրանսայի ծերակոյտին մէջ ձեռք  բերուած յաջողութիւններուն մասին խօսելու ընթացքին կարելի էր շնորհակալութիւն յայտնել այնտեղ 45 տարի անոր համար կռուած հայ ժողովուրդին, արտերկրի հայութեան, Հայ դատի գրասենեակներուն, բայց ատիկա ճաշակի հարց է:
Անդրադառնալով կառավարութեան գործունէութեան ծրագիրով նախատեսուած եւ չկատարուած աշխատանքներուն‘ Վահան Յովհաննիսեան յայտնեց, որ կառավարութիւնը պէտք է առնուազն Ազգային ժողովին զեկուցէր եւ, բացի միջազգային ճգնաժամն ու վատ կլիմայական պայմանները պատճառ բերելէն, նաեւ այլ տրամաբանական պատասխաններ տար:
Ան նշեց, որ ՀՅԴ խմբակցութիւնը առաջարկած էր միասին դիմել Սահմանադրական դատարան‘ պարզաբանելու, թէ ի՞նչ պիտի ընէ կառավարութիւնը, որ իր խոստումները չկատարեց‘ նոր ծրագիր պիտի հաստատէ՞, թէ՞ անհրաժեշտ է նոր կառավարութիւն ձեւաւորել: «Անոր համար ընդամէնը պէտք էր 27 ստորագրութիւն: Սակայն այս առաջարկին դրականօրէն արձագանգեց միայն Ժառանգութիւն խմբակցութիւնը: Մնացեալ խմբակցութիւնները չպատասխանեցին‘ անով ալ փաստօրէն ստանձնելով կառավարութեան գործունէութեան ծածկումը», ընդգծեց ՀՅԴ խմբակցութեան ղեկավարը: