Print
Category: Հայաստան-Արցախ

 Հայաստանի  Բնակչութեան  Թիւը  2.9  Միլիոն  Է

Հայաստանի Ազգային վիճակագրական ծառայութեան նախագահ Ստեփան Մնացականեան Փետրուար 7ին տեղի ունեցած ասուլիսին ընթացքին յայտնեց, թէ՝ Հայաստանի մէջ 2011ի մարդահամարին սկզբնական տուեալներուն համաձայն, հաշուեգրուած է 3.285.767 մարդ. ներկայի բնակչութեան սկզբնական թիւը կազմած է 2.871.509 մարդ:

Ըստ Մնացականեանի, մնայուն կերպով Հայաստանի մէջ բնակողներուն թիւը պիտի յստականայ բոլոր հարցաթերթիկներու տուեալներու ամփոփումէն եւ համախմբումէն ետք, որ կը նախատեսուի աւարտել 2012 Հոկտեմբերին:
Հայաստանի 2011ի մարդահամարի նախնական ցուցանիշները ամփոփուած են մարդահամարի նպատակով ստեղծուած 11.548 կեդրոններու ամփոփ տեղեկագիրներուն հիման վրայ:
Մնացականեան նշեց, որ աւելցած են նաեւ Հայաստանի արտաքին գործոց, արդարադատութեան, պաշտպանութեան նախարարութիւններու, կառավարութեան առընթեր Հայաստանի ոստիկանութեան եւ ազգային անվտանգութեան ծառայութեան կողմէ յատուկ կարգով հաշուառուած անձերուն  վերաբերող ամփոփ տուեալները:
Ստեփան Մնացականեանի համաձայն, մարդահամարին վերջնական արդիւնքները շատ քիչ կրնան տարբերիլ նախնական ցուցանիշերէն:
Նշենք, որ վերջին՝ 2001ի մարդահամարին ընթացքին հաշուեգրուած բնակչութեան նախնական ցուցանիշը կազմած է 3.458.303 մարդ, իսկ ներկայի բնակչութեան սկզբնական թիւը 3.002.598 մարդ է:
Այսպիսով, տասը տարուան ընթացքին հանրապետութենէն վերջնականօրէն հեռացած է 173 հազար մարդ, իսկ ներկայիս հաշուեգրուած բնակչութեան 12,6  առ հարիւրը կամ 414 հազար մարդ բացակայած է հանրապետութենէն:

Ազգային վիճակագրական ծառայութեան Մարդահամարի եւ ժողովրդագրութեան բաժնի պետ Կարինէ Գույումճեանը «Ազատութիւն» ռատիոկայանին խօսելով նշեց, որ այժմ կը հրապա- րակուին 2011-ի Հոկտեմբերի դրութեամբ հաշուարկուած թիւերը: Վիճակագիրները համեմատած են տասը տարի առաջ՝ 2001ի Հոկտեմբերին կատարուած մարդահամարի նախնական արդիւնքներուն հետեւ եւ վերը յիշուած հետեւութիւնները կատարած են: Ըստ Գույումճեանի 2001-ի նախնական արդիւնքները վերջնականէն էականօրէն շատ ալ չեն տարբերուիր: Գույումճեան նշած է թէ առկայ բնակչութեան թուաքանակի նուազումը 130 հազարով պայմանաւորուած է արտագաղթով, ինչպէս նաեւ բնակչութեան բնական աճի հետ կապուած խնդիրներով:

Ազգագրագէտ Հրանուշ Խառատեանը մարդահամարի տուեալները սարսափելի կը համարէ

«Մենք բնական աճ չունենք, ներգաղթ չունենք, ունենք արտագաղթ: Իրականում դա սարսափելի թիւ է, եւ եթէ որեւէ մէկը համարձակուի ասել, որ է՜հ՝ ոչինչ, որ այսպիսի թիւ ունենք, դա նշանակում է, որ այդ մէկը իր վրայ վերցնում է պատասխանատուութիւն ասելու ոչինչ, որ Հայաստան երկիրը դատարկւում է», - ըսաւ Խառատեանը:
Հակառակ, որ ազգագրագէտը մարդահամարի տուեալները մտահոգիչ կը համարէ, այնուհանդերձ, կը կարծէ թէ մարդահամարի վերաբերեալ Ազգային վիճակագրական ծառայութեան ցուցանիշները մեղմացած են: Ան կը կարծէ, որ մարդահամարը վատ ձեւով իրագոր-ծուած է եւ բնակչութեան թուաքանակի իրական պատկերը չի արտացոլար:
«Ես խորապէս վստահ եմ, որ այստեղ առնուազն 200-300 հազարի անստուգութիւն կայ, ստոյգ չէ, որովհետեւ մարդահամարն է վատ իրականացուել, իսկ մարդահամարը իսկապէս վատ է իրականացուել, թէ եղած հնարաւորի մէջ ցանկալի պատկերն է ձգձգուած ցոյց տրուած, բոլոր դէպքերում իմ ունեցած նիւթերով այստեղ շատ մեղմացրած պատկեր կայ», - ըսած է ազգագրագէտը: