Print
Category: Հայաստան-Արցախ

Աշխատանքային այցելութեամբ Միւնիխ գտնուող ՀՀ արտաքին գործոց նախարար Էդուարդ Նալբանդեանը,
 անցնող շաբաթավերջին հանդիպում մը ունեցած է ԱՄՆի իր պաշտօնակից Հիլըրի Քլինթընի հետ, Անվտանգութեան հարցերով կայացած 48րդ համաժողովի ծիրէն ներս:

Երկու նախարարները քննարկած են երկկողմ յարաբերութիւններուն վերաբերող հարցերու լայն շրջանակ, տնտեսական համագործակցութեան զարգացման եւ ընդլայնման հնարաւորութիւնները, ինչպէս նաեւ տարածաշրջանէն ներս անվտանգութեան առընչուող հարցեր:  Անոնք քննարկած են նաեւ Ղարաբաղեան հիմնախնդրի կարգաւորման բանակցային գործընթացի վերջին զարգացումները: Հիլըրի Քլինթըն վերահաստատած է ԱՄՆի դիրքորոշումը՝ թէ հիմնախնդրի կարգաւորումը միայն խաղաղ ճանապարհով կարելի է կատարել: