Փետրվար 1-ին Գաֆէսճեան արուեստի կեդրոնի, «Սասունցի Դաւիթ» պարտէզի սրահին մէջ բացումը տեղի ունեցաւ «Նորաձեւութեան ճանապարհ եւ երկխօսութիւն սահմանների խաչմերուկում» ծրագրի ցուցահանդէսին, որ կը ներառնէ հայ եւ եւրոպացի նկարիչ-մոդելաւորողներու համագործակցութեան արդիւնքով ծնած աշխատանքները:
Բացման խօսքով հանդէս եկան ՀՀ-ի մէջ Մեծ Բրիտանիայի դեսպան Քեթրին Լիչը, Բրիտանական խորհուրդի հայաստանեան գրասենեակի տնօրէն Արեւիկ Սարիբեկեանը եւ Գաֆէսճեան արուեստի կեդրոնի հանրային կապերու եւ մարքետինկի տնօրէն Աննա Սիմոնեանը:
«Նորաձեւութեան ճանապարհ» ծրագիրը համախբած է հինգ հայ եւ հինգ եւրոպացի նկարիչ-մոդելաւորողներ (Միացեալ Թագաւորութիւն, Չեխիա, Դանիա, Գերմանիա, Ռումանիա): Անոնք այցելելով Հայաստան, տասնօրեայ շրջագայութեան ընթացքին ծանօթացան Հայաստանի մշակոյթին, պատմութեան եւ աւանդոյթներուն, որմէ ետք արդէն հայ մասնակիցները այցելեցին գործընկերներու երկիրներ եւ ոգեշնչուած այդ երկիրներու մշակոյթով` համատեղ պատրաստեցին այս աշխատանքը:
«Ցուցադրութիւնը բաց կը լինի Փետրուար 2-ից մինչեւ 19-ը: Այնուհետեւ հաւաքածուն կը ներկայացուի Հայաստանի երեք մարզերում՝ Շիրակ, Լոռի եւ Սիւնիք: Տարուայ ընթացքում հաւաքածուն կը ցուցադրուի մասնակից եւրոպական հինգ երկրում: Յուսով ենք, հաւաքածուն կը բացայայտի տարբեր երկրների մշակութային առանձնայատկութիւնները եւ այն ամբողջութիւնը, որ ծնւում է, երբ միմեանց հետ աշխատում են այդ մշակոյթների կրողները»,-ըսաւ Բրիտանական խորհուրդի հայաստանեան գրասենեակի տնօրէն Արեւիկ Սարիբեկեանը:
Ծրագիրը կը ֆինանսաւորեն Եւրամիութիւնը՝ մշակոյթի հիմնադրամի միջոցով եւ Եւրոպական մշակութային հիմնադրամը: Այն կ'իրականացուի EUNIC-ի (Եւրամիութեան մշակութային ազգային կեդրոններու միութիւն) հինգ անդամ կազմակերպութիւններու եւ Բրիտանական խորհուրդի, Գեօթէի ինստիտուտի, Ռումանական մշակութային ինստիտուտի, Դանիական մշակութային ինստիտուտի եւ Չեխական կեդրոններու սերտ համագործակցութեամբ: «Նորաձեւութեան ճանապարհ՝ երկխօսութիւն սահմանների խաչմերուկում»ը EUNIC անդամ կազմակերպութիւններու համագործակցութեամբ իրականացող առաջին ծրագիրն է Հայաստանի մէջ: