Print
Category: Հայաստան-Արցախ

Ս. Սարգիս Զօրավարի տօնը Հայաստանի մէջ  ընդունուած է նշել ոչ միայն եկեղեցական ծէսով, աղօթքով, այլեւ ժողովրդական սովորութիւններով, որոնք նուիրական աւանդութիւններ դարձած են:

Ս. Սարգիս զօրավարը երիտասարդներու  արագահաս բարեխօսն է: Իր միջնորդութեամբ հրաշքներ տեղի կ'ունենան: Այդ օրը երիտասարդները  կ'աղօթեն Սուրբին, որ իրենց աղօթքները հասցնէ առ Աստուած:
Ս. Սարգիս զօրավարը հայ ժողովուրդի ամէնասիրուած սուրբերէն  է։ Իր որդի՝ Մարտիրոսի եւ 14 քաջ մարտիկներու հետ ան նահատակուեցաւ յանուն քրիստոնէական հաւատքի։ Իր արիութեան համար Ս. Սարգիսը Մեծն Կոստանդիանոս կայսեր /285-337/ կողմէ կարգուեցաւ  իշխան եւ սպարապետ՝  Հայաստանին սահմանակից Կապադովկիոյ մէջ։ Երբ Յուլիանոս Ուրացողի թագաւորութեան օրով /360-363/ սկսան  Քրիստոսի եկեղեցւոյ  հալածանքները, Ս. Սարգիսը, աստուածային յայտնութեամբ հրաման ստանալով հեռանալ կայսրութեան սահմաններէն, իր որդի Մարտիրոսի հետ ապաստանեց  քրիստոնեայ Հայաստանի մէջ, ուր կը թագաւորէր Տիրան արքան՝ Մեծն Տրդատի թոռը: Այնուհետեւ Հայաստանէն ան անցաւ Պարսկաստան՝‘ Շապուհ արքայի կողմէ ընդունուելով  ծառայութեան, որպէս զօրագունդերու  հրամանատար: Շապուհը, երբ իմացաւ, որ Սարգիսը քրիս¬ տոնեայ էր, պահանջեց որ ան կրակը պաշտէ եւ զոհ մատուցէ։ Զօրավարը անմիջապէս մերժեց։  Զայրացած ամբոխը յարձակեցաւ Սուրբին եւ իր որդիին դէմ։ Առաջին նահատակուեցաւ Մարտիրոսը եւ Ս. Սարգիսը բանտարկուեցաւ։ Աներեր մնալով իր հաւատքին մէջ՝ գլխատուեցաւ։ Նահատակութենէն յետոյ Սուրբի մարմնին վրայ լոյս ծագեցաւ։ Քրիստոնէական իրենց հաւատքին  համար նահատակուեցան նաեւ Ս. Սարգիսին հաւատարիմ 14 զինուորները։
Ժողովրդական պատմումներէն մէկուն համաձայն, Ս.Սարգիսը իր 39 քաջ զինուորներուն հետ ճակատամարտէն յետոյ յաղթական վերադարձը նշեցին կայսերական պալատին մէջ  խնճոյքով: Երբ բոլորը գինովցած քուն մտան, կայսեր կողմէ 40 աղջիկներու հրահանգուեցաւ սպաննել 40 քաջերը: 39 աղջիկները իրագործեցին իրենց ոճրագործութիւնը, 40-րդը սակայն, տեսնելով քնացած Ս.Սարգիսի առնական եւ խաղաղ դէմքը սիրահարուեցաւ անոր եւ սպաննելու փոխարէն նախազգուշացուց։  Ս.Սարգիսը, իր արագահաս, ճերմակ նժոյգին վրայ հեծնելով եւ սիրահարուած աղջիկն ալ հետը տանելով, վրէժը լուծեց սպաննուած իր զինուորներուն։ Այս պատմութիւնը պատճառ դարձաւ որ սիրահարուածներու տօն դառնայ Ս. Սարգիսի տօնը։