ԽՈՐՀՐԴԱՐԱՆԻ ԼՍՈՒՄՆԵՐԸ՝ 15 ՓԵՏՐՈՒԱՐԻՆ
Հայաստանի Ազգային ժողովի պետական-իրաւական հարցերու մնայուն յանձնախումբին մէջ երէկ տեղի ունեցած նիստին ընթացքին քննարկուեցաւ ՀՅ Դաշնակցութեան, Ժառանգութեան եւ Բարգաւաճ Հայաստան կուսակցութեան առաջարկը‘ 100 առ հարիւր համամասնական ընտրակարգի անցնելու վերաբերեալ խորհրդարանական լսումներ կազմակերպելու մասին:
Խորհրդարանական լսումները տեղի պիտի ունենան 15 փետրուարին: Յանձնախումբի նախագահ Դաւիթ Յարութիւնեան տեղեկացուց, որ առաջարկը քննարկուեցաւ նաեւ Հայաստանի հանրապետական կուսակցութեան խմբակցութեան մէջ: