Print
Category: Հայաստան-Արցախ

ԵԱՀԿ գործող նախագահի անձնական ներկայացուցիչի փոխանցած ուղղութեան համաձայն՝ այսօր Յուլիս   5-ին Լեռնային Ղարաբաղի եւ Ատրպէյճանի զինուած  ուժերու շփման գծին վրայ տեղի կþունենայ հերթական դիտարկումը: Այս մասին «Արմենփրէս»-ին տեղեկացուցին Լեռնային Ղարաբաղի Հանրապետութեան արտաքին գործերու նախարարութեան կողմէ:


Ատրպէյճանի կողմէ դիտարկումը կը կատարեն ԵԱՀԿ գործող նախագահի անձնական ներկայացուցիչի դաշտային օգնականներ Խրիսթօ Խրիսթովը եւ անձնական օգնական Ուիլիամ Փրայորը:
Լեռնային Ղարաբաղի կողմէ դիտարկումը կը կատարեն  ԵԱՀԿ գործող նախագահի անձնական ներկայացուցիչի գրասենեակի համակարգող Իմրէ Փալաթինոս եւ դաշտային օգնական Անթալ Հերդիչը: