Print
Category: Հայաստան-Արցախ

ՍՏԵՓԱՆԱԿԵՐՏ, «Նիուզ».- Յունուար 23ին, ժամը 15:25ին (Հայաստանի ժամանակացոյցով), մարտական հերթապահութեան մէջ գտնուող Լեռնային Ղարաբաղի պաշտպանութեան բանակի զինուորական ծառայողներուն կողմէ սահմանի հիւսիս-արեւելեան հատուած՝ ղարաբաղեան կողմ անցնելու ատեն ձերբակալուած է Ատրպէյճանի քաղաքացի մը:


Այս առնչութեամբ Լեռնային Ղարաբաղի ռազմագերիներու, պատանդներու եւ անյայտ կորածներու հարցերով պետական յանձնաժողովը տարածած է յայտարարութիւն մը, որուն մէջ կը նշուի. «Կալանաւորուածն Ատրպէյճանի զինուած ուժերի զինծառայողի համազգեստով էր, առանց տարբերիչ նշանների: Նա իր  մօտ ունէր զինուորական գրքոյկ՝ 1990ին ծնուած Ատրպէյճանի Լենքորանի շրջանի բնակիչ, կրտսեր սերժանտ Ախունդզատէ Մամետպակրըու Թալիպօղլուի անունով»: Ըստ յայտարարութեան, ԼՂՀ իրաւասու մարմինները կը փորձեն միջադէպին առնչուող մանրամասնութիւններն ու պատճառները գիտնալ։
«ԼՂՀ իշխանութիւնները տեղի ունեցած միջադէպի մասին իրազեկել են Ստեփանակերտում հաւատարմագրուած Կարմիր Խաչի Միջազգային Կոմիտէի (ԿԽՄԿ) եւ ԵԱՀԿ գրասենեակներին», ըսուած է յայտարարութեան մէջ: