Print
Category: Հայաստան-Արցախ

Հայաստանի Հանրապետութեան կրթութեան եւ գիտութեան նախարարութիւնը ՀՀ պաշտպանութեան նախարարութեան հետ համատեղ կը յայտարարեն «Մեր բանակը 20 տարեկան է» թեմայով շարադրութեան (բանաստեղծութիւն, պատմուածք, գրութիւն, քերթուած) հանրապետական մրցոյթ` նուիրուած հայկական բանակի օրուան:

Կրթութեան եւ Գիտութեան նախարարութենէն կը տեղեկացուի թէ մրցոյթին կրնան մասնակցիլ 9-12-րդ դասարան յաճախող աշակերտները: Աշխատանքները մինչեւ 2012ի Փետրուար 5-ը անհրաժեշտ է ներկայացնել ՀՀ կրթութեան եւ գիտութեան նախարարութեան հանրակրթութեան վարչութեան մօտ:
Հանրապետական յանձնաժողովի կողմէ ընտրուած լաւագոյն աշխատանքներու հեղինակները պիտի պարգեւատրուին ՀՀ կրթութեան եւ գիտութեան նախարարի եւ ՀՀ պաշտպանութեան նախարարի կողմէ։