Մեծանուն բանաստեղծուհի Սիլվա Կապուտիկեանի 93-ամեակը լրացաւ մի քանի օր առաջ։ Բանաստեղծուհիի ծննդեան տարեդարձին առիթով իր շիրիմին մօտ համախմբուեցան հարազատները, ընկերները եւ Կապուտիկեանի անունը կրող դպրոցի սաները:
«Ամենայն հայոց մեծ տիկին». ժողովուրդը այսպես կ'անուանէր սիրուած բանաստեղծուհին: Սիլվա Կապուտիկեանը ծնած էր Երեւան. Վանէն գաղթած ընտանիքի մը զաւակն էր: Բանասիրական կրթութիւն ստանալէ ետք ան մեկնած էր Մոսկուա եւ հետեւած Մաքսիմ Կորքիի անուան գրականութեան ինստիտութի բարձրագոյն դասընթացները:
Կապուտիկեանի բանաստեղծութիւնները թարգմանուած են բազմաթիւ լեզուներու: Ունի ռուսերէն լեզուով աւելի քան 20 ժողովածոյ: Արժանացած է ԽՍՀՄ-ի եւ Հայաստանի պետական մրցանակներու:
Նոյնչափ աշխուժ եղած է նաեւ իր հրապարակախօսական գործունէութիւնը: Բանաստեղծուհին եղած է հայկական տարբեր գաղութներու մօտ, որոնց ազդեցութեան տակ ան յղացաւ «Այս իմ երկիրն է», «Իմ հարազատները», «Մտորումներ ճանապարհի կէսին», «Քարաւանները դեռ քայլում են» եւ շատ ծանօթ դարձած այլ ստեղծագործութիւններ:
Կապուտիկեան մահացած է 2006 թ. Օգոստոս 25-ին: Գերեզմանը կը գտնուի Երեւանի Կոմիտասի անուան Պանթէոնէն ներս,
Կապուտիկեանի բնակարանը թանգարանի վերածուեցաւ 2009 թ. Յունուար 20-ին, բանաստեղծուհիի ծննդեան 90-ամեակին առիթով։
Այս տարի, 20 Յունուար 2012ին, բանաստեղծուհիի ծննդեան 93-րդ տարեդարձին առիթով սկսաւ գործել Սիլվա Կապուտիկեանի կեանքին ու գործունէութեան նուիրուած կայքէջը, ուր ճոխ բովանդակութեամբ եւ երկու լեզուներով ¥հայերէն եւ անգլերէն¤ կը ներկայացուին Սիլվատ Կապուտիկեանի կեանքի հանգրուանները եւ իր գործերու նմուշները։
Կայքէջը կը գործէ www.kaputikyanmuseum.am հասցէով։
Կատարուած աշխատանքներ
Թանգարանի աշխատանքները սկսած են Կապուտիկեանի արխիւի կարգաւորմամբ: Վերջինս շատ հարուստ է եւ կ'ընդգրկէ 1940-ական թուականներէն մինչեւ օրս իր գրական-հասարակական գործունէութեան վերաբերող բոլոր փաստաթուղթերը:
Շնորհիւ թանգարանի աշխատողներու՝ պատճէնահանուած է 18 հազար էջէ աւելի ձեռագիր: Կրկնօրինակ- ները որոշ անտիպներու հետ պահուած են թանգարանին մէջ, իսկ բնօրինակները յանձնուած են 2 կարեւոր արխիւներու՝ գրականութեան վերաբերող մասը՝ Ե. Չարենցի անուան գրականութեան եւ արուեստի թանգարանին, քաղաքական-հասարակական գործունէութեան մասը՝ ՀՀ ազգային արխիւին: Ներկայիս կը կարգաւորուին արխիւի նամակներու, բացիկներու, նկարներու, շնորհաւորագրերու եւ այլ բաժինները:
Տուն-թանգարանի միւս կարեւոր գործառոյթը Կապուտիկեանի գրական ժառանգութեան վերահրատարակումն ու քարոզչութիւնն է, փոխանցումը սերունդներուն: Այս առումով թանգարանը չի սահմանափակուիր միայն այցելուներու ընդունելութեամբ: Մշտապէս կը կազմակերպուին հանդիսութիւններ, գրական հանդիպումներ, որոնց ժամանակ թեմային կամ օրուայ հրամայականին համապատասխան կ'իրականացուին ցուցադրութիւններ եւ բանախօսութիւններ: Լաւագոյն հանդիպումներէն եղած են «Մայրութեան թեման Կապուտիկեանի ստեղծագործութիւններում», «Կապուտիկեանի սիրոյ պոեզիան», «Երեք Կապուտիկեաններ. հայրը, հօրեղբայրը եւ բանաստեղծուհին», «Կապուտիկեանը եւ Արցախեան շարժումը». «Կապուտիկեանը` մանկագիր», «Ոչ միայն բանաստեղծուհի» եւ այլ խորագրերով միջոցառումները: Թանգարանի հիմնական այցելուները դպրոցականներն են, մտաւորականները, Հայաստանի եւ Սփիւռքի քաղաքացիները, նաեւ տարբեր երկիրներէ ժամանած զբօսաշրջիկները: Մէկ օրուայ այցելութիւններու միջին թիւը կը կազմէ 16-20 մարդ:
Մեծ է կապը թանգարանի եւ հանրակրթական դպրոցներու, յատկապէս Երեւանի Ս. Կապուտիկեանի անուան հմ. 145 դպրոցի միջեւ: Միջոցառումներու ժամանակ թանգարանը դպրոցին կ'օգնէ համապատախան գրականութեամբ եւ տեսաժապաւէններով, ձայնագրութիւններով, ցուցադրական պարագաներով:
Թանգարանի օժանդակութեամբ պատուիրուած եւ ստեղծուած են բանաստեղծուհիին վերաբերող կինոժապաւէններ, որոնք կը ցուցադրուին հայկական հեռուստատեսութեան ալիքներով: «Ս. Կապուտիկեան» գրական հիմնադրամի եւ թանգարանի համատեղ աշխատանքով ստեղծուած են զանազան ալպոմներ, տեսաֆիլմեր, ձայներիզներ, հրատարակուած են գրողի բանաստեղծութիւններու հատորեակներ, ժամանակակիցներու յուշերու գիրքը, բանաստեղծուհիի խօսքերով գրուած երգերու ձայներիզներ եւ այլն:
Պատշաճ հանդիսութեամբ կ'անցնին պոեզիայի տօները (ամէն տարի Սեպտեմբերի վերջին Շաբաթ օրը): Միշտ ներկայ են «Մաշտոց» խօսքի կեդրոնի սաները, Կապուտիկեանի անուան դպրոցի աշակերտները: