Print
Category: Հայաստան-Արցախ

ԱՏՐՊԷՅՃԱՆ ԴԺԳՈՀԵՑԱՒ

Պրիւքսէլի մէջ երէկ սկսաւ  «Արեւելեան գործընկերութեան» խորհրդարանական վեհաժողովի` Եւրանեսթի յանձնաժողովներու աշխատանքը: Հայաստանի Ազգային ժողովի պատգամաւոր Վա-հան Յովհաննիսեանը, որ կը ղեկավարէ Եւրանեսթի մէջ մեր պատուիրակութեան, եւ Վարդան Պոստանճեանը` ԲՀԿ-էն, մասնակցեցան տնտեսական յանձնաժողովի նիստին:


Նիստի ընթացքին լսուած համազեկուցողներու գնահատականներու համաձայն՝ արեւելեան գործընկերներէն Ուքրանիան արդէն կը համապատասխանէ գործընկերութեան տնտեսական պահանջներուն, Հայաստանը, Վրաստանը եւ Մոլտովան կÿընթանան համաչափ, Ատրպէյճանը աւելի յետընթաց դիրքերու մէջ է:
«Ինչպէ՞ս կարելի է ամբողջութեամբ իրականացնել համաձայնագրերը «Արեւելեան գործընկերութեան» եւ Եւրոմիութեան միջեւ, եթէ գոյութիւն ունին փակ սահմաններ,- այս հարցումը  նիստի ընթացքին բարձրացուցին հայ պատուիրակները:
Ի դէպ, այսօրուայ նիստին հայ պատուիրակներու առաջարկով ընդունուած է որոշում՝  յառաջիկային տնտեսական համարկման  յանձնաժողովի փոխադրութեան  խնդիրներուն անդրադարձող զեկոյց ներկայացուելու մասին: Ասիկա կը դառնայ առիթ՝  անգամ մը եւս քննարկելու փակ ճանապարհներու հարցը: Քննարկման նիւթ կը  դառնայ նաեւ  Ստեփանակերտի օդակակայանի հարցը: