Print
Category: Հայաստան-Արցախ

ԵՐԵՒԱՆ, «Նիուզ».- Յունուար 20ին իր մահկանացուն կնքած է հայ անուանի պատմաբան, հայագէտ-արեւելագէտ, 82ամեայ ակադեմիկոս Մանուէլ Զուլալեանը, որուն ներդրումը մեծ եղած է ե՛ւ Հայաստանի, ե՛ւ համաշխարհային պատմութեան որոշակի հիմնահարցերու ուսումնասիրութեան գործին մէջ:

Ակադեմիկոսի յուղարկաւորութեան պատասխանատու կառավարական յանձնաժողովին համաձայն, գիտնականի հոգեհանգստեան արարողութիւնը կատարուեցաւ Յունուար 22ին, Ս. Յովհաննէս եկեղեցւոյ մէջ, իսկ Յունուար 23ին ակադեմիկոսին վերջին հրաժեշտը կայացաւ Գիտութիւններու ազգային ակադեմիային մէջ, ուրկէ անոր մարմինը տեղափոխուեցաւ քաղաքային պանթէոն: Նշենք, որ Մանուէլ Զուլալեանի գիտական հետազօտութիւններու համակարգումն էր «Արեւմտեան Հայաստանը 16-18րդ Դարերում» մենագրութիւնը (Երեւան, 1980): Ակադեմիկոսը՝ իբրեւ հեղինակ, իր աշխոյժ մասնակցութիւնը բերած է «Հայ Ժողովրդի Պատմութիւն» բազմահատորեակի պատրաստութեան աշխատանքներուն: