Հայաստանի, Ատրպէյճանի եւ Ռուսաստանի նախագահներուն
եռակողմ հանդիպման աւարտին
յայտարարութիւն մը հրապարակուած է
«Ռուսիա Լեռնային Ղարաբաղի հակամարտութեան կողմերուն հետեւողականօրէն վստահութեան ամրապնդման անհրաժեշտութեան մասին կը համոզէ», կ'ըսէ Քրեմլին
Ռուսիոյ Սոչի քաղաքին մէջ երէկ տեղի ունեցած է Սերժ Սարգսեան-Տմիթրի Մետվետեւ-Իլհամ Ալիեւ հանդիպումը։
Հանդիպման աւարտին կողմերը համատեղ յայտարարութիւն ընդունած են, ուր, մասնաւորապէս, կ’ըսուի. «Նախագահները յայտարարած են, որ անմիջական բանակցութիւններուն իբրեւ արդիւնք յառաջընթաց կայ ԼՂ հակամարտութեան կար- գաւորման հիմնարար սկզբունքներուն համաձայնեցման հարցով....: Նկատի առնելով խաղաղ համաձայնագիրի մշակման անցնելու կարեւորութիւնը՝ Հայաստանի եւ Ատըրպէյճանի նախագահները պատրաստակամութիւն յայտնած են, հաշուի առնելով մինչեւ այժմ կատարուած աշխատանքը, արագացնելու հիմնարար սկզբունքներուն վերաբերեալ պայմանաւորուածութեան ձեռքբերման գործընթացը»:
Փաստաթուղթին մէջ կը նշուի, որ Ալիեւն ու Մետվետեւը բարձր գնահատած են Ռուսաստանի եւ ԵԱՀԿ Մինսկի խումբի միւս համանախագահող երկիրներուն միջնորդական գործունէութիւնը: Անոնք յոյս յայտնած են, որ Ռուսաստան, ԱՄՆ եւ Ֆրանսա հետագային եւս աշխուժ դեր պիտի խաղան հակամարտութեան կարգաւորման գործին գծով՝ մինչեւ տարածաշրջանին մէջ վերջնական խաղաղութեան եւ կայունութեան հաստատումը:
Ալիեւ եւ Սարգսեան հաստատած են նաեւ, որ ղարաբաղեան հակամարտութեան կարգաւորման ծիրէն ներս վստահութեան ամրապնդման միջոցներէն մէկը կողմերուն միջեւ մարդասիրական շփումներուն զարգացումն է: Այդ առնչութեամբ Ատրպէյճանի եւ Հայաստանի նախագահները իրենց պատրաստակամութիւնը յայտնած են «մտաւորականութեան, գիտական եւ հասարակական շրջաններու ներկայացուցիչներուն միջեւ երկխօսութեան հաստատման նպաստելու գործին»:
Քրեմլինի յայտարարութիւնը
Հանդիպման նախօրեակին Մոսկուա տարածած էր հաղորդագրութիւն մը, որուն մէջ կ'ըսուէր. «Երկուշաբթի 23 Յունուարին, Սոչիի մէջ Ատրպէյճանի, Հայաստանի եւ Ռուսիոյ նախագահներու միջեւ ղարաբաղեան հակամարտութեան կարգաւորման շուրջ բանակցութիւններ տեղի պիտի ունենան։ 2008-էն ի վեր Ռուսիոյ մասնակցութեամբ տեղի ունեցած է հակամարտութեան կարգաւորման ուղղուած տասը հանդիպում, որուն վերջինը տեղի ունեցած է Քազանի մէջ 24 Յունիս 2011-ին»։
Անդրադառնալով Լեռնային Ղարաբաղի հակամարտութեան կարգաւորման Քրեմլինի մէջ կը նշեն, որ «լուրջ մտահոգութիւն կը յառաջացնէ հրադադարի դրութեան խախտման յաճախակի դարձած դէպքերը, զինածառոյղներու եւ խաղաղ բնակիչներու շարքին զոհերը, երկու կողմերու ռազմաշունչ յայտարարութիւնները»։
Ռուսական «Վեսթի.ռու» կայքէջը կը հաղորդէ, որ կողմերը քննարկած են երկկողմ յարաբերութիւններուն առնչուող հարցեր։ Հանդիպումին սկիզբը Մետվետեւ ըսած է, որ «Սոչիի մէջ, լեռներու մէջ ձմեռնային հանդիպումներու բարւ աւանդոյթ ձեւաւորուած է, եւ ես ատոր մէջ խորհրդանշական շարք մը բաներ կը տեսնեմ»։
Ռուսիոյ նախագահը ընդգծած է, որ ապրանքաշրջանառութեան եւ երկու երկիրներու միջեւ գործնական հանդիպումներու զարգացման տեսանկիւնէն 2011-ը կարելի է յաջողակ համարել։
Մետվետեւ աւելցուցած է, որ այսուհանդերձ, իրավիճակը կարելի չէ «փայլուն» որակել։ «Կան շարք մը ոչ դիւրին մարտահրաւէրներ, որոնց շարքին՝ այս տարածաշրջանին մէջ», ընդգծած է ան։
Նախագահ Սարգսեան իր կարգին շնորհակալութիւն յայտնած է Տմիթրի Մետվետեւին՝ ղարաբաղեան հակամարտութեան կարգաւորման ուղղութեամբ իր գործադրած ջանքերուն համար։
«Շնորհակալութիւն այն ջանքերուն համար, որ կը գործադրէք Լեռնային Ղարաբաղի հակամարտութեան կարգաւորման համար», յայտարարած է Սարգսեան՝ աւելցնելով, որ նման հանդիպումները թոյլ կու տան իրավիճակը քիչ թէ շատ վերահսկողութեան տակ պահելու։