Print
Category: Հայաստան-Արցախ

ՊԱՔՈՒ.- Ատրպէյճանական «Էյ.-Փի.Էյ.» լրատու գործակալութիւնը Հինգշաբթի, Յունուար 19ին կը հաղորդէ, թէ օտար մասնագէտներ Ստեփանակերտ կը գտնուին՝  մարզելու համար Ստեփանակերտի մէջ կառուցուած օդակայանի հայ պաշտօնեաները, որոնք պիտի օգտագործեն արդիական շարք մը գործիքներ՝ օդակայանին ապահով գործունէութիւնը ե-րաշխաւորելու համար:

Բրիտանական ընկերութիւն մը եւս պատրաստակամութիւն յայտնած է օժանդակելու օդակայանի գործունէութեան. ըստ օդակայանի պատասխանատուներուն՝ անիկա պաշտօնապէս պիտի բացուի մինչեւ այս տարուան կէսը:
Օդակայանին բացումը նախատեսուած էր անցեալ տարուան Մայիս 9ին, սակայն բացումը անորոշ ժամանակով յետաձգուեցաւ:
Ատրպէյճան «ապօրինի» կը նկատէ օդակայանը եւ սպառնացած է նոյնիսկ յարձակիլ զայն գործածող օդանաւերուն վրայ: