Print
Category: Հայաստան-Արցախ

Մոսկուայի մէջ տեղի ունեցաւ Հայաստանի եւ Ռուսիոյ արտաքին գործոց նախարարներ Էդուարդ Նալբանդեանի եւ Սերկէյ Լաւրովի աշխատանքային հանդիպումը:


Երէկ տեղի ունեցած մամլոյ ասուլիսին ընթացքին Սերկէյ Լաւրով յայտարարեց, որ 23 Յունուարին Սոչիի մէջ տեղի պիտի ունենայ Ռուսիոյ, Հայաստանի եւ Ատրպէյճանի նախագահներուն եռակողմանի հանդիպումը՝ յստակացնելով, որ հանդիպման ներկայ պիտի ըլլան նաեւ Մինսքի խմբակի համանախագահները:
Ռուսիոյ արտաքին գործոց նախարարը յայտնեց, որ այսօր Մոսկուա կը հասնի Ատրպէյճանի արտաքին գործոց նախարար Էլմար Մամետեարով, որուն հետ կը նախատեսուի քննարկել ղարաբաղեան տագնապի լուծման հոլովոյթը: