Print
Category: Հայաստան-Արցախ

Երէկ Երեքշաբթի օր, Մոսկուայի մէջ տեղի ունեցաւ Հայաստանի եւ Ռուսաստանի արտաքին գործոց 
 նախարարներ Էդուարդ Նալբանդեանի եւ Սերգէյ Լավրովի աշխատանքային հանդիպումը:

Բանակցութիւններուն քննարկուեցան երկկողմ օրակարգին առընչուող շարք մը հարցեր:
Ինչպէս կը հաղորդէ ՀՀ արտաքին գործոց նախարարութեան մամլոյ ծառայութիւնը, զրուցակիցները մտքեր փոխանակեցին յառաջիկային նախատեսուող Ռուսաստանի, Հայաստանի եւ Ատրպէյճանի նախագահներու եռակողմ հանդիպման նախապատրաստական աշխատանքներուն վերաբերեալ: