ԵԱՀԿ-ի առաքելութիւնը երէկ դիտար-կում իրագործեց Լեռնային Ղարաբաղի եւ Ատրպէյճանի զինուած ուժերու շփման գծին վրայ, Մարտունի շրջանի Կուրապատկինօ բնակավայրի մերձակայքին:
Լեռնային Ղարաբաղի արտաքին գործոց նախարարութեան մամուլի ծառայութեան փոխանցման համա-ձայն՝ Ղարաբաղի Պաշտպանութեան բանակի դիրքերէն դի- տարկումը գլխաւորեց ԵԱՀԿ-ի գործող նախագահի անձնական ներկայացուցիչ Անճէյ Քասփրչիկը: Հրադադարի խախտումներ չարձանագրուեցան:
Դիտարկման առաքելութեան առընթեր ղարաբաղեան կողմէ ուղեկցեցին արտաքին գործերու եւ պաշտպանութեան նախարարութիւններու ներկայացուցիչները:
ԵԱՀԿ-ի գործող նախագահի անձնական ներկայացուցիչը երէկ Ստեփանակերտի մէջ հանդիպում ունեցաւ Ղարաբաղի պաշտպանութեան նախարար Մովսէս Յակոբեանի, արտաքին գործոց նախարարի պաշտօնակատար Վասիլի Աթաջանեանի հետ։
Հանդիպումներուն ընթացքին քննար-կուեցան շփման գծին վրայ տիրող իրադրութիւնը, երկուստեք ընդգծուեցաւ հրադադարի պահպանման անհրաժեշտութիւնը: