1 Յունուարէն սկսեալ Իրլանտա ստանձնեց ԵԱՀԿ-ի նախագահութիւնը: ԵԱՀԿ-ի գործող նախագահ, Իրլանտայի արտաքին գործոց եւ առեւտուրի նախարար Էյմոն Կիլմոր այս շաբաթ աւելի կանուխ ներկայացուց կազմակերպութեան մէջ Իրլանտայի նախագահութեան առաջնահերթութիւնները:
Իրլանտայի նախագահութեան առաջնահերթութիւններուն
մաս կը կազմէ ԼՂՀ հարցի լուծման գործընթացը
ԵԱՀԿ-ի գործող նախագահ, Իրլանտայի արտաքին գործոց
եւ առեւտուրի նախարար Էյմոն Կիլմոր
ԵԱՀԿ-ի գործող նախագահը այլ հարցերու կարգին յայտնեց, որ կազմակերպութիւնը պիտի շարունակէ աշխատանք տանիլ սովորական սպառազինութիւններու, համացանցային սպառնալիքներու, թմրեցուցիչի փոխադրման, ինչպէս նաեւ ԵԱՀԿ-ի տարածքին մէջ տագնապներու կանխարգիլման եւ անոնց լուծման ուղղութեամբ:
Ան ընդգծեց, որ օրեր առաջ ԵԱՀԿ-ի տարածքին մէջ տագնապներու հարցով երկու յատուկ ներկայացուցիչ նշանակուած է, մէկը‘ մերձտնեսթրեան տագնապի լուծման հարցով, միւսը‘ Հարաւային Կովկասի:
Կիլմոր շեշտեց, որ այս տարի կազմակերպութիւնը Լեռնային Ղարաբաղի տագնապի լուծման համար մտադիր է ԵԱՀԿ-ի Մինսքի խմբակին հետ սերտօրէն համագործակցիլ: