Print
Category: Հայաստան-Արցախ

«Ռեկիոն» հետազօտական կեդրոնին կողմէ կազմակերպուած օնլայն հարցազրոյցի ընթացքին, ատրպէյճանցի լրագրողները ՀՅԴ Բիւրոյի Հայ դատի եւ քաղաքական հարցերու գրասենեակի պատասխանատու Կիրօ Մանոյեանին Հայաստանի ներքաղաքական կեանքին առնչուող հարցումներ ուղղեցին:


Պատասխանելով նոր համաձայնական կառավարութեան հաւանական անդամակցութեան մասին հարցումի մը‘ ան նշեց, որ այդ մասին կարելի պիտի ըլլայ խօսիլ միայն խորհրդարանական ընտրութիւններէն ետք, երբ յայտնի ըլլան արդիւնքները: «Կը կարծեմ, որ Դաշնակցութիւնը որեւէ համաձայնական կառավարութեան մէջ չի մտներ, եթէ այնտեղ կշիռ չունենայ», ըսաւ ան:
Անդրադառնալով նախագահ Սերժ Սարգսեանին սատարելու մասին հարցումին՝ Կիրօ Մանոյեան յայտնեց, որ Դաշնակցութիւնը ո՛չ անոր վարած ընկերային եւ մենաշնորհային տնտեսական քաղաքականութեան հետ համամիտ է, ո՛չ վարուող արտաքին քաղաքականութեան, յատկապէս՝ Հայաստան - Թուրքիա արձանագրութիւններէն ետք: