Print
Category: Հայաստան-Արցախ

Հայ խաղաղապահներու հերթական խումբը՝ 40 հոգիէ  կազմուած, երէկ երեկոյեան  Գերմանիա մեկնեցաւ, ապա պիտի ուղղուի Աֆղանիստան:


Հայաստանի պաշտպանութեան նախարարի մամլոյ  քարտուղար Դաւիթ Կարապետեանը յայտնած է այս մա-սին, նշելով, որ սովորաբար զօրքը Գերմանիայի մէջ կը  մնայ  20 օր, վերապատրաստման վարժանքներ անցնելու համար:
“Եւ  միայն դրանից յետոյ՝ խումբը մեկնելու է Աֆղանիստան, փոխարինելու Կունդուզում տեղեկայուած հայ խաղաղապահ զօրքին”,- ըսած է Դ. Կարապետեանը:
Այս պահուն Աֆղանիստանի մէջ գտնուող հայ խաղաղապահները Հայաստան  պիտի վերադառնան Փետրուարին:
Ինչպէս կը տեղեկացուի Հա- յաստանի պաշտպանութեան նախարարութենէն, խաղաղապահ առաքելութեան ուղար- կուող զօրքի թիւը կը որոշուի ըստ անհրաժեշտութեան, եւ խումբի անդամ կրնան դառնալ միայն խաղաղապահ զօրքերու ծառայողները: