Print
Category: Հայաստան-Արցախ

Պուլկարիոյ խորհրդարանը երէկ ձայներու մեծամասնութեամբ մերժած է Հայոց ցեղասպանութեան ճանաչման մասին բանաձեւը: Այս հարցի կապակցութեամբ, Ցեղասպանութեան թանգարան-հիմնարկի տնօրէն Հայկ Դեմոյեան Tert.am լրատուական կայքէջին հետ զրոյցին ընթացքին իբրեւ պատճառ մատնանշեց այն հանգամանքը, որ հարցը ճիշդ պահուն չդրուեցաւ խորհրդարանի օրա-կարգին վրայ:


«Նախ եւ առաջ ասիկա կը բխի Պուլկարիոյ քաղաքական շահերէն»: Հարցը խորհրդարանին մէջ բարձրացուցին ազգայնականները: Այդպիսով անոնք կը փորձէին իրենց շահերը ներկայացնել, ինչ որ չյաջողեցան ընել», ըսաւ Հայկ Դեմոյեան: Անոր կարծիքով՝ Պուլկարիան, այնուամենայնիւ, յառաջիկային պիտի ճանչնայ Հայոց ցեղասպանութիւնը:
«Պուլկարիան նոյնպէս Թուրքիոյ ոճրագործութիւններուն զոհ է եւ ունի վատ փորձ: Այնպէս որ, անոնք ուշ կամ կանուխ պիտի ճանչնան, ինչպէս եղաւ Կիպրոսի եւ Յունաստանի պարագային»,- ըսաւ Ցեղասպանութեան-թանգարան հիմնարկի տնօրէնը:
Հայոց ցեղասպանութեան բանաձեւի մերժումը Պուլկարիոյ խորհրդարանին կողմէ, ըստ Հայկ Դեմոյեանի, խանգարող հանգամանք պիտի չդառնայ այլ պետութիւններու համար: