Կլոր այս թուականի առիթով, խորհրդանշական ձեռնարկներ տեղի պիտի ունենան, ինչպէս եւ Հայկական բարձրաւանդակին մէջ գտնուող 20 բնակավայրերու մէջ պիտի կանգնեցուին 20 խաչքարեր՝ նուիրուած Արցախի փառաւոր հերոսամարտին:
«Ազգային բանակի 20-րդ տարեդարձին առիթով 2012 թուականը յայտարարած ենք Ազգային Բանակի տարի եւ Յունուարէն մինչեւ Դեկտեմբեր «Հայոց արծիւները» ազգային բանակի տարբեր զօրամասերուն մէջ պիտի կազմակերպուին եւ իրականացնեն 20 մեծ հայրենասիրական զանազան ձեռնարկներու շարք:
«Հայոց արծիւներ»-ու ղեկավար Խաչիկ Ասրեան յայտնած է, թէ այլ կարեւոր առաքելութիւն մըն ալ ունի ձեռնարկներուն այս շարքը. կազմակերպութեան անդամները Հայկական բարձրաւանդակին մէջ գտնուող 20 բնակավայրերու մէջ պիտի կանգնեցնեն 20 խաչքարեր՝ նուիրուած Արցախի փառաւոր հերոսամարտին մէջ նահատակուած քաջորդիներու յիշատակին:
Հայրենասիրական ձեռնարկներու իրականացման գլխաւոր նպատակներէն են՝ բանակ-հասարակութիւն կապի անընդհատ ամրապնդումը, հայ զինուորի մարտունակ ոգիի պահպանումն ու հզօրացումը, երիտասարդներու մէջ ռազմական-հայրենասիրական դաստիարակութեան արմատաւորումը եւ ընդհանուր առմամբ հայոց ազգային բանակին հայ ժողովուրդին բացարձակ արժէքին դերին եւ նշանակութեան խիստ կարեւորութիւնը հասարակութեան մէջ:
Ձեռնարկներու շարքը արդէն իսկ սկսած է: Արմաւիրի մէջ տեղակայուած մարաջախտ Յովհաննէս Բաղրամեանի անուան 55-րդ առանձին զրահապատներու ուսումնական գունդէն ներս տեղի ունեցած երդման արարողութեամբ: