«ՏաԹեւեր» ճոպանուղիի տնօրէն Տիգրան Ղազարեանը կը տեղեկացնէ, որ աւարտած են ճոպանուղիի շահագործման աշնանային աշխատանքէն ձմեռնայինին անցնելու աշխատանքները եւ ճոպանուղին Դեկտեմբեր 20էն կ'իրականացնէ կանոնաւոր ուղեւորափոխադրումներ:
«Վերջին շաբաթուայ ընթացքում ճոպանուղի շահագործման աշխատանքի փոփոխութեան ժամանակ ճոպանուղիի կառավարման ելեկտրոնային եւ մեքանիկական համակարգերը յարմարեցուած են Սիւնիքի մարզի ձմեռնային եղանակային պայմաններուն (քամիներ, օդի յարաբերական խոնաւութիւն եւ այլն):
Նշուած ժամանակահատուածին Զուիցերիական Գարաւենտա Տոպելմայըր ընկերութեան մասնագէտներու կողմէ իրականացուած է նաեւ ճոպանուղիի տարեկան ճարտարագիտական զննման եւ սպասարկման աշխատանքներ եւ նշուած, որ «ՏաԹեւեր» ճոպանուղին կը գտնուի ճարտարագիտական գերազանց կարգաւորուած վիճակի մէջ եւ պատրաստ է յառաջիկայ տարիներուն շարունակել իրականացնել անվտանգ ուղեւորափոխադրումներ:
Իբրեւ տեղեկատուութիւն, աւելցնենք, որ այս տարի «ՏաԹեւեր» ճոպանուղին ձմեռնային գործելաձեւին ուղեւորափոխադրումներ իրականացուց 2012ի Յունուար 5ին եւ 6ին, որմէ ետք Յունուար եւ Փետրուար ամիսներուն ընթացքին «ՏաԹեւեր»ը 11:00 - 17:00 աշխատանքային ժամային օրակարգով կ'աշխատի միայն Շաբաթ եւ Կիրակի օրերուն»,– կը նշէ ան իր տարածած հաղորդագրութեան մէջ: