Մեր ընթերցողները կը յիշեն, թէ անցած տարեվերջին, ՀՅԴ եւ Ժառանգութիւն կուսակցութիւնները համատեղ յայտարարութեամբ մը հանդէս եկան, Ազգային ժողովի մեծամասնութեան կոչ ուղղելով, որպէսցի միասնական ուժերով վերացնեն մեծամասնական ընտրակարգը: Առաջարկը ողջունեցին ընդդիմադիր քաղաքական ուժերը, որոնց շարքին՝ Հայ ազգային կոնգրեսը:
Հ. Յ. Դաշնակցութեան խորհրդարանական խմբակցութեան անդամ, Հ.Յ.Դ. Գերագոյն մարմնի ներկայացուցիչ Արմէն Ռուստամեանը այս հարցի մասին խօսելով, դիտել տուաւ թէ «Դնելու ենք այդ նախաձեռնութիւնը շրջանառութեան մէջ: Այդտեղ արդէն պաշտօնապէս կÿիմանանք, թե մեծամասնութեան տեսակէտը որն է, որովհետեւ այստեղ-այնտեղ կատարած յայտարարութիւններով պէտք չէ առաջնորդուիլ: Ունենք հնարաւորութիւն՝ եթէ չընդունեն, այնուամենայնիւ, ընդդիմութեան նիստ հասկացութիւնը կայ… Ամէն երկրորդ քառօրեայ մենք կարող ենք պահանջել, որ հարցը դրուի օրակարգ եւ քննարկվի: Մենք այդպես էլ կը վարուենք: Եթէ իշխանութիւններն այդ օրն էլ կողմ չեն քուէարկում այս առաջարկին, իսկապէս յայտնւում են ժողովրդից օտարման դաշտում: Սա է լինելու իսկապէս ջրբաժանը»:
Նախաձեռնութեան հեղինակներու կարծիքին համաձայն, եթէ իշխանութիւնը ընդունի առաջարկուող փոփոխութիւնը ցոյց պիտի տայ, թէ որքանով անկեղծ է՝ երբ կը յայտարարէ ազատ, արդար ընտրութիւններ կատարելու իր պատրաստակամութեան մասին:
«Եթէ ոչ, ուրեմն դա կը նշանակի, որ իսկապէս միայն յայտարարութիւններ են սրանք: Իրական նպատակը եղել եւ մնում է իրենց իշխանութեան վերարտադրության ապահովումը», - ըսած է Ռուստամեան, շարունակելով. - «Այնպէս որ, ինչպէս իրենք են սիրում ասել՝ գնդակը իրենց դաշտում է»:
«Ժառանգութեան» եւ Դաշնակցութեան կարծիքով, ընդդիմութեան մէջ ամենամեծ համախմբումը այս հարցը կրնայ յառաջացնել: Ռուստամեան համոզուած է, որ այդ համախմբումը կատարուի՝ ընդդիմադիր դաշտի հիմնական խաղացողները ողջունած կÿըլլան նախաձեռնութիւնը: