Print
Category: Հայաստան-Արցախ

Հայաստանի Հանրապետութեան նախագահ, Հայաստանի զինեալ ուժերու գերագոյն գլխաւոր հրամանատար Սերժ Սարգսեան Նոր տարուան գիշերը՝ 31 Դեկտեմբերին, Ամանորի եւ Ս. Ծննդեան տօնին առիթով այցելեց Հայաստանի պաշտպանական դիրքեր:
Ինչպէս կը տեղեկացնէ Հայաստանի նախագահի մամուլի ծառայութիւնը, նախագահին ուղեկցեցան Ամենայն Հայոց Գարեգին Բ. կաթողիկոս, Հայաստանի պաշտպանութեան նախարար Սէյրան Օհանեան:


Հանրապետութեան նախագահը հետեւեցաւ պաշտպանական յենակէտերուն մարտական հերթապահութեան կազմակերպման, ծանօթացաւ զինուորներու ընկերային եւ կենցաղային պայմաններուն, զրուցեց անոնց հետ զիրենք հետաքրքրող հարցերուն շուրջ:
Նախագահ Սերժ Սարգսեան շնորհաւորեց հայոց բանակի զինուորները տօներուն առիթով, յղեց բարեմաղթանքներ եւ շնորհակալութիւն յայտնեց անձնուէր ծառայութեան համար: «Ձեր կատարած գործը ամենակարեւորն է մեր երկրի համար: Ամենակարեւորը, որովհետեւ եթէ դուք այստեղ ամուր չլինէք, վստահ չլինէք, մեր ժողովուրդն իրեն վստահ չի զգայ, իսկ ձեր ամրութիւնը, ձեր ինքնավստահութիւնը փոխանցւում է այստեղից՝ այս սահմանից, որովհետեւ այստեղից է սկսւում մեր երկիրը», ըսաւ նախագահ Սարգսեան:
Հանրապետութեան նախագահը նշեց, որ հայ զինուորը զսպաշապիկ է սահմանէն այն կողմ կանգնած մարդոց համար, որովհետեւ այնտեղ գիտեն, թէ հայոց բանակի զինուորը ինչի՛ ունակ է: Նախագահին համաձայն, հայ զինուորով կը հպարտանան ոչ միայն իր ծնողները, այլեւ բոլորը՝ երեխաներէն, երիտասարդներէն սկսեալ մինչեւ մեծահասակներ: Ծառայութեան ընթացքին իրենց անձնուիրութեամբ եւ խիզախութեամբ յայտնի խումբ մը զինուորներ նախագահին կողմէ ստացան նուէրներ:

ՆԱԽԱԳԱՀ ՍԱՀԱԿԵԱՆ ԱՅՑԵԼԵՑ  ՀԱԴՐՈՒԴԻ
ՍԱՀՄԱՆԱՅԻՆ ԴԻՐՔԵՐԸ

Արցախի նախագահ Բակօ Սահակեան  31 Դեկտեմբերին այցելեց Լեռնային Ղարաբաղի Հանրապետութեան եւ Ազրպէյճանի սահմանի հարաւային հատուածին առջեւի գիծը եւ շնորհաւորեց զինուորները Ամանորի եւ Ս. Ծննդեան առիթով: Նախագահ Սահակեան նշեց, որ ամուր պահելով պետական սահմանը՝ զինուորները կ՛ապահովեն նաեւ կայունութիւնը եւ խաղաղութիւնը ամբողջ շրջանին մէջ: