Նոր տարուան եւ Սուրբ Ծննդեան տօներուն առիթով՝ նախագահ Սերժ Սարգսեան երէկ իր նստավայրին մէջ ընդունելութեան հրաւիրեց զանգուածային լրատուամիջոցներու ներկայացուցիչները:
Նախագահ Սերժ Սարգսեան շնորհաւորեց զանոնք յառաջիկայ տօներուն առիթով եւ յաջողութիւն մաղթեց: Նախագահը համոզում յայտնեց, որ 2012 թուականը պիտի ըլլայ համագործակցութեան, վերընթաց զարգացման եւ յառաջընթացի տարի:
Նախագահին մամլոյ գրասենեակին համաձայն, անդրադառնալով անցնող տարուան նախագահ Սարգսեան ըսաւ, որ 2011 թուականը ընդհանուր առմամբ յաջող եւ արդիւնաւէտ տարի էր լրատուամիջոցներու աշխատանքին տեսանկիւնէն: Ըստ նախագահին, Հայաստանի մէջ լրատուամիջոցներու գործունէութեան մարզին մէջ յառաջընթացը իսկապէս նկատելի է: Կարելի է արձանագրել քաղաքական մշակոյթի փոփոխութիւն, որ կ՛արտացոլէ հասարակութեան հասունութիւնը: Ան նշեց, որ տակաւին շատ կանուխ է խօսիլ լուրջ յաջողութիւններու մասին եւ փոխադարձ շնորհաւորանքներ յղել:
Շեշտելով, որ յառաջիկայ խորհրդարանական ընտրութիւններու տարին «կարեւոր ժամանակաշրջան է», հանրապետութեան նախագահը յայտնեց, որ «2012 թուականին մենք՝ բոլորս միասին, պէտք է ապացուցենք, որ կրնանք ունենալ տարբեր քաղաքական հայեացքներ եւ նպատակադրումներ, սակայն կը կիսենք մէկ ընդհանուր արժեհամակարգ, որ հիմնուած է օրէնքի գերակայութեան, ազնիւ մրցակցութեան, արդար հոլովոյթի վրայ… Այդ արժեհամակարգը կը պահանջէ, որ միասին շարունակենք քարոզել քաղաքական հանդուրժողականութիւն եւ փոխադարձ յարգանք: Ընտրութիւնները թէժ քննարկումներու շրջան են, սակայն յոյսով եմ, որ կեղծիքը, սադրանքը, վիրաւորանքը եւ պիտակաւորումը չեն, որ պէտք է աշխուժութիւն հաղորդեն քաղաքական կեանքին»:
Սերժ Սարգսեան յորդորեց լրատուական դաշտի բոլոր դերակատարներուն ըլլալ անաչառ եւ անկողմնակալ՝ գիտակցելով 2012 թուականին Հայաստանի մէջ սպասուող քաղաքական հոլովոյթներու կարեւորութեան:
Երկրին նախագահը յայտնեց, որ որքան ալ երկրին խնդիրները դժուար յաղթահարելի ըլլան, միեւնոյնն է՝ ընկերային, իրաւական կամ այլ բնոյթի խնդիրներ ունեցող մեր հայրենակիցներուն համար իրավիճակին հիմնական մեղաւորը կը մնան իշ- խանութիւնները:
Ըստ նախագահին, ամէն ինչին համար պատասխանատու է իւրաքանչիւր անձ իր մասով՝ անկախ պաշտօնէն կամ քաղաքական- գաղափարական կողմնորոշումէն: Նախագահը նշեց, որ ինք կ՛ընդունի, որ Հայաստանի մէջ նկատուող տակաւին չլուծուած բազմաթիւ հարցեր կան, որոնք կը դժուարացնեն բոլորիս կեանքը կամ անյարմարութիւններ կը ստեղծեն: «Քաջ կը գիտակցիմ անոնց յաղթահարման ճամբուն իմ պարտականութիւնս, տեղս եւ դերս՝ իբրեւ հանրապետութեան նախագահ: Միեւնոյն ժամանակ մենք չենք կրնար չգիտակցիլ հասարակական յարաբերութիւններու որակը փոխելու խիստ անհրաժեշտութեան, այլապէս հետեւանքը թէ՛ պետութեան, թէ՛ հանրութեան համար շատ ծանր պիտի ըլլայ: Եւ այս առումով մենք բոլորս միասին տակաւին լուրջ ընելիքներ ունինք», ընդգծեց Հայաստանի նախագահը: