ՄԱԿ-ի Արեւելաեւրոպական խումբը հաստատեց կազմակերպութեան մէջ ՀՀ մշտական ներկայացուցիչ, դեսպան Կարէն Նազարեանի թեկնածութիւնը՝ ՄԱԿ-ի Կանոնադրութեան յատուկ կոմիտէի 2012ի նախագահութիւնը ստանձնելու համար:
Յատուկ կոմիտէն կոչուած է քննարկելու կառավարութենէն ստացուած առաջարկութիւնները, որոնք ուղղուած են կազմակերպութեան գործունէութեան եւ նպատակներու իրականացման համար կարողութիւններու ու արդիւնաւէտութեան բարելաւման:
Հայաստանին վստահուած այս մարմնի իրաւասութեան ներքոյ են այն հարցերու քննարկումները, որոնք կը վերաբերին միջազգային խաղաղութեան ու անվտանգութեան պահպանման եւ ապահովման հարցերու շուրջ ՄԱԿ-ի եւ միջազգային կազմակերպութիւններու դերակատարութեան, Կանոնադրութեան VII գլխի համաձայն պատժամիջոցներու կիրառման արդիւնքով վնասներ կրած երրորդ երկիրներուն աջակցութիւն ցուցաբերելու հարցին մէջ ՄԱԿ-ի Կանոնադրութեան դրոյթներու կիրառման, պետութիւններու միջեւ վէճերու խաղաղ կարգաւորման եւ այլն:
Անցեալին, Յատուկ կոմիտէի աշ- խատանքին շնորհիւ այնպիսի կարեւորագոյն փաստաթուղթեր եւ համաձայնութիւններ յաջողուած են, ինչպէս օրինակ ԳԱ-ի կողմէ ընդունուած Միջազգային վէճերու խաղաղ կարգաւորման, Վէճերու եւ իրավիճակներու կանխարգիլման ու վերացման, ՄԱԿ-ի եւ տարածաշրջանային կառոյցներու միջեւ համագործակցութեան հռչակագրեր, որոնք մեծ կարեւորութիւն ունեցած են ժողովուրդներու ինքնորոշման իրաւունքի անվերապահ իրականացման գործին մէջ:
Նշենք, որ ի տարբերութիւն ՄԱԿ-ի մնացեալ մարմիններու գործելաձեւին, ՄԱԿ-ի Կանոնադրութեան Յատուկ կոմիտէն իր որոշումները կÿ ընդունի համընդհանուր համաձայնութեամբ: