Print
Category: Հայաստան-Արցախ

Երեւանի մէջ, Ազգային Ժողովի շրջափակէն ներս մեկնարկը կատարուեցաւ Ձմեռ Պապ փառատօնային ծրագրին, տօնական ուրախ մթնոլորտի ստեղծելով բոլորին համար:

Վառուեցան Ամանորեայ տօնածառի լոյսերը, մինչ ընտանիքները սկսած են  բնական եղեւնիներ գնել ու զարդարել:
Այս տարի արտսահմանէն Հայաստան բերուած եղեւնիները կÿարժեն 60-80 հազար դրամ: Սոճին կÿարժէ 45-50 հազար դրամ: Կարելի է եղեւնի գտնել 30-35 հազար դրամով: Իսկ եղեւնիներու ճիւղերը կը վաճառուին 3-10 հազար դրամի միջեւ:
Արդէն 6-րդ տարին է, որ Հայաստանի մէջ կտրուկ կերպով արգիլուած է ամանորեայ տօներու ժամանակ եղեւնիներու հատումը եւ վաճառքը: Կառավարութեան որոշմամբ, միայն Երեւանի Հանրապետութեան հրապարակի տօնածառին համար թոյլ կը տրուի կտրել եղեւնիներու ճիւղեր: