Հայ Յեղափոխական Դաշնակցութիւն եւ «Ժառանգութիւն» կուսակցութիւնները համատեղ յայտարարութիւն տարածած են, ուր կ'ողջունեն խորհրդարանական եւ արտախորհրդարանական ուժերուն վերջերս յայտարարած դիրքորոշումը՝ ազատ ու արդար ընտրութիւններու կազմակերպման եւ վերահսկման հարցով եւ Ազգային ժողովի մեծամասնութեան կ'առաջարկեն Ընտրական օրէնսգիրքին մէջ համապատասխան փոփոխութեամբ վերացնելու մեծամասնական ընտրակարգը: Յայտարարութեան մէջ կ'ըսուի.
Հայ Յեղափոխական Դաշնակցութիւն եւ «Ժառանգութիւն» կուսակցութիւնները 2008-2011ին նախաձեռնեցին Ընտրական օրէնսգիրքի իրական եւ արմատական բարեփոխման ուղղուած քայլեր՝ Ազգային ժողովին կողմէ համապատասխան փոփոխութիւնները ընդունելու նպատակով: Վերահաստատելով անոնց ամբողջական իրականացման ուղղութեամբ մեր պատրաստակամութիւնը եւ կարեւոր նշանակութիւն տալով ընտրական գործընթացներուն նկատմամբ լայն վերահսկողութեան ապահովման համար ուժերու համադրման, ստեղծուած պայմաններուն մէջ հանդէս կու գան հետեւեալ համատեղ յայտարարութեամբ.
- Կարեւոր համարելով Հայաստանի ապագային համար յառաջիկայ խորհրդարանական ընտրութիւններու բացառիկ նշանակութիւնը եւ անոնց արդիւնքներուն հանդէպ հասարակութեան վստահութեան մեծնալը,
- Նշելով, որ ՀՅԴ-ի եւ «Ժառանգութեան»՝ ցայժմ ԱԺ-ի մէջ ներկայացուած եւ ԵԽԽՎ Վենետիկի յանձնաժողովի փորձաքննութեան ուղարկուած առաջարկներուն մէջ ամփոփուած են ընտրական իրաւունքի պաշտպանութեան գաղափարին շուրջ միաւորուած քանի մը տասնեակ հասարակական կազմակերպութիւններու՝ ՀՀ Ընտրական օրէնսգրքի բարեփոխման վերաբերեալ առաջարկները,
- Ապահովելու համար պատգամաւորական բոլոր իրաւագրերու համարժէքութիւնն ու համապետականութիւնը եւ մեծցնելու քաղաքական ուժերու պատասխանատւութիւնը ընտրական գործընթացի ու խորհրդարան մուտք գործող անձերուն համար,
- Խնդիր ունենալով իւրաքանչիւր ընտրողի համար մեծցնել սեփական իշխանութիւնները ձեւաւորելու հարցով իր քուէի նշանակութիւնը,
- Ձգտելով հասնիլ հաւասար մրցակցային պայմաններու ապահովման,
- Նուազեցնելու համար ընտրական գործընթացներուն վրայ ոչ քաղաքական եւ ոչ ընտրական գործօններու ազդեցութիւնը,
- Ազատ եւ արդար ընտրութիւններ իրականացնելու հարցով ընտրութիւններու նախաշեմին հասնելու համար քաղաքական բոլոր ուժերու համախոհութեան,
«Ժառանգութիւն» եւ Հայ Յեղափոխական Դաշնակցութիւն կուսակցութիւնները.
- Կ'ողջունեն խորհրդարանական եւ արտախորհրդարանական ուժերուն վերջերս յայտարարած դիրքորոշումը՝ ազատ ու արդար ընտրութիւններու կազմակերպման եւ վերահսկման հարցով:
- Ազգային ժողովի մեծամասնութեան կ'առաջարկեն Ընտրական օրէնսգիրքին մէջ համատեղ իրականացնել մէկ յստակ փոփոխութիւն՝ վերացնել մեծամասնական ընտրակարգը՝ անցում կատարելով 100 տոկոսանոց համամասնական ընտրակարգի, եւ կը կարծեն, որ համաձայնելով այս քայլին, իշխանութիւնները ցոյց պիտի տան իրենց պատրաստակամութիւնն ու քաղաքական կամքը՝ նախընտրական շրջանին ընդդիմութեան հետ համատեղ՝ երկրին մէջ ձեւաւորելու ներհասարակական հանդուրժողականութեան եւ համերաշխութեան մթնոլորտ:
- Կոչ կÿուղղեն քաղաքական բոլոր ուժերուն՝ պաշտպանելու այս նախաձեռնութիւնը:
«Ժառանգութիւն» կուսակցութեան վարչութիւն
Հայ Յեղափոխական Դաշնակցութիւն
կուսակցութեան Գերագոյն Մարմին